«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հենրի Տէյվիտ Թորօ (12 Յուլիս, 1817 Մասաչուսէթս, ԱՄՆ )-(6 Մայիս, 1862, Մասաչուսէթս, ԱՄՆ)Ամերիկացի գրող, փիլիսոփայ, հասարակական գործիչ։
Նշանակալի են անոր «Ուոլտըն կամ կեանքը անտառի մէջ» գիրքը, ուր հեղինակը կը ներկայացնէ բնութեան մէջ առանձին անցուցած տարիներու իր փորձառութիւնը եւ «Ընդդիմութիւն քաղաքացիական իշխանութեան» ակնարկը, ուր ան իր անհամաձայնութիւնը կը յայտնէ իշխանութիւններու որդեգրած կառավարման սկզբունքներուն։
Թորօ 16 տարեկան հասակին ընդունուած է Հարվըրտի համալսարան, ուսանելով փիլիսոփայութիւն, հռետորութիւն, ուսողութիւն եւ այլ գիտութիւններ։ Հրաժարելով վկայական ստանալու համար դրամական տուրք վճարելէն Թորօ չի շարունակեր բարձրագոյն ուսումը՝ նախընտրելով հասարակ ուսուցչութիւնը։
1837 թուականին կը սկսի դասաւանդել հանրային դպրոցէն ներս, սակայն մի քանի շաբաթ անց կը հեռացուի աշխատանքէն՝ աշակերտներու նկատմամբ մարմնական պատիժի կիրառումէն հրաժարելու պատճառով։ Եղբօր հետ համատեղ ջանքերով բացուած քերականական դպրոցը նոյնպէս երկար չի գոյատեւեր վերջինիս մահուան պատճառով, ուստի գրողը կը վերադառնայ իր ծննդավայր, ուր կը շարունակէ հօր աշխատանքը մատիտագործական արհեստանոցի մէջ եւ զբաղի գիւղատնտեսութեամբ։
Ծննդավայրի միջավայրը պարարտ հող ստեղծեց Թորոյի գրական գործունէութեան համար։ 1845-1847 թուականներուն Թորօ առանձնութեան մէջ կ’ապրի Ուոլտընեան անտառի մէջ իր ձեռքերով կառուցուած խրճիթը կ’ըլլայ անոր ապաստանը եւ ան իր ուժերով կը հայթայթէ կեանքի համար անհրաժեշտ ամէն բան։ Այս տարիներու ընթացքում ձեռք բերուած փորձառութեան մասին Թորօ գրած է 1854 թուականին՝ «Ուոլտըն կամ կեանքը անտառի մէջ» գիրքի մէջ։ 1846-ին գրողը կը ձերբակալուի եւ մէկ օր բանտ կը մնայ հարկեր վճարելէն հրաժարելու պատճառով։ Կառավարող մարմիններու հանդէպ տածած դժգոհութիւնը եւ իր քննադատական հայեացքները Թորօ կը շարադրէ «Ընդդիմութիւն քաղաքացիական իշխանութեան» ակնարկին մէջ։
19-րդ դարու 50-ականներուն Թորօ կը ճանապարհորդէ ԱՄՆ-ի ողջ տարածքով, կը տպագրուի պատմական, բանասիրական եւ բնագիտական հանդէսներու մէջ եւ կը ստեղծագործէ։
Թորօ կը մահանայ 44 տարեկան հասակին։
Թորոյի փիլիսոփայութեան, քաղաքականութեան եւ պատմութեանը վերաբերող գրուածքները, գրական ստեղծագործութիւնները եւ ակնարկները կը կազմեն շուրջ 20 ստուար հատոր, սակայն Թորոյի գրական ժառանգութիւնը հայերէն թարգմանուած է հատուածաբար։