Կիրակի, 15. 06. 2025

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Վալենդին Լուի Ժորժ Ըյոժէն Մարսել Բրուսդ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ  – Վալենդին Լուի Ժորժ Ըյոժէն Մարսել Բրուսդ (ֆր.՝ Valentin Louis Georges Eugռne Marcel Proust)

(10 Յուլիս, 1871, Փարիզ)-(18 Նոյեմբեր , 1922 Փարիզ)

ֆրանսացի նշանաւոր վիպասան, ակնարկագիր եւ քննադատ, մոտեռնիզմի ներկայացուցիչ։ Բրուսդի հիմնական երկը «Կորսուած ժամանակի փնտռտուքներուն մէջ» (ֆր.՝ ը la recherche du temps perdu) 7 վէպէ բաղկացած վիպաշարն է (հատորներ 1-16, 1913-1927, վերջին 6 հատորները հրատարակուած են յետմահու), որ կը համարուի 20-րդ դարու համաշխարհային գրականութեան ամենակարեւոր ստեղծագործութիւններէն մէկը։

Մարսել Բրուսդ ծնած է կիրթ եւ բարեկեցիկ կեանքով ապրող ընտանիքի մէջ։ Անոր հայրը ականաւոր համաճարակաբան էր։

Փոքր հասակէն Մարսել եղած է առողջապէս թոյլ երեխայ եւ իր ամբողջ կեանքին մէջ ունեցած է առողջական լուրջ դժուարութիւններ: Պատանեկութեան տարիներուն ֆրանսական ազնուական սալոններու մէջ մտերմացած է այնպիսի արուեստագէտներու եւ բանաստեղծներու հետ, ովքեր նպաստեցին անոր համաշխարհային համբաւի ձեւաւորման: Օգտուելով ֆինանսապէս ապահով իր վիճակի ընձեռած հնարաւորութենէն, ան չ’աշխատիր եւ 1895-ին կը սկսի գրել վէպ մը, որ կը մնայ առանձին մասերու բաժանուած վիճակի մէջ (կը հրատարակուի 1952 թուականին իր մահէն ետք՝ «Jean Santeuil», «Ժան Սանթօ» վերնագրով):

1900 թուականին ան կը ձգէ է իր սկսած նախագիծը եւ կը ճանապարհորդէ դէպի Վենետիկ եւ Բատուա, որպէսզի բացայայտէ արուեստի գործերը՝ հետեւելով Ճոն Ռյոսքինի քայլերուն: Իբրեւ արդիւնք ան կը հրատարակէ յօդուածներ եւ կը թարգմանէ երկու գիրք՝«La Bible d’Amiens»,«Ամիենի Աստուածաշունչը» եւ «Sռsame et les Lys»«Սէզամն ու Շուշանները»: 1907 թուականին Մարսել Բրուսդ կը սկսի գրել իր յայտնի «Կորսուած ժամանակի փնտռտուքներու մէջ» (« A la recherche du temps perdu») ստեղծագործութիւնը, որուն եօթ հատորը («Du cւtռ de chez Swann») հրատարակուած է 1913 թուականին, եւ իր մահէն ետք` 1927 թուականին: Մարսել Բրուսդ մահացած է թոքախտի հետեւանքով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին