«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Սիւնիքը կը համարէ հպարտանալու արժէքներ եւ մեծ ներուժ ունեցող մարզ։ Ըստ Armenpress.am-ի՝ լրագրողներու հետ զրոյցով մը նախագահը կիսուած է Սիւնիքի մարզ երկօրեայ իր այցիի տպաւորութիւններով՝ շեշտելով, որ գտնուած է չնաշխարհիկ բնութիւն ունեցող վայրի մէջ, ուր, կարծես թէ, ամեն ինչ կայ։
Նախագահը ցաւով նշած է, որ այդ մեծ ներուժի մէկ մասը դեռ չի օգտագործուիր։
«Եթէ սկսինք, օրինակ, Մեղրիէն, յոյս ունիմ, որ Մեղրիի ազատ տնտեսական գօտին շատ արագ պիտի բացուի։ Այդ գօտիին նկատմամբ մեծ հետաքրքրութիւն կայ։ Այն ոչ միայն Սիւնիքի համար կիրառական, կեանքի նշանակութիւն ունի, այլ նաեւ ողջ Հայաստանի համար։ Մեծ թիւով ընկերութիւններ պատրաստ են եւ հետաքրքրուած են, որպէսզի Հայաստանի ազատ տնտեսական գօտին օգտագործեն՝ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան շուկայ մտնելու համար»,- ըսած է նախագահ Սարգսեան։
Խօսելով Զանգեզուրի պղինձի գործարան այցելութեան մասին՝ նախագահը էական համարած է այն, որ Հայաստանի ծաւալներով հսկայ կառոյցը միշտ ուշադրութեամբ հետեւի բնապահպանական խնդիրներու լուծման եւ հասարակական ծրագրերու իրագործման, որ, ըստ Սարգսեանի, գործարանի ղեկավարութիւնը կ՝իրականացնէ։
Նախագահը ցաւով նշած է նաեւ, որ Կապանը, որ եղած էր արդիւնաբերական քաղաք, ներկայիս այդ արդիւնաբերութեան մեծ մասը կորսնցուցած է։
Սակայն, անոր զուգահեռ, Սիւնիքի մէջ կան շարք մը ձեռնարկութիւններ, որոնք, ըստ Սարգսեանի, զարգանալու եւ ընդլայնուելու ներուժ ունին․ այդ ձեռնարկութիւններէն են՝ «Սիւնիք Ֆուդ» ընկերութիւնը, որ մասնագիտացած է պահածոներու արտադրութեան մէջ եւ «Մարիլա» ընկերութիւնը, որ կը զբաղի կաթնամթերքի եւ մսամթերքի արտադրութեամբ։
Նախագահը կարեւոր համարած է այդ ընկերութիւններու զարգացման աջակցիլը եւ պատրաստակամութիւն յայտնած օգնելու այդ ընկերութիւններուն՝ արտաքին շուկայ ելլելու համար։
Սարգսեանին շատ տպաւորած է Քարահունջ համայնքին մէջ կազմակերպուած ամենամեայ թութի փառատօնը։ Նախագահին համար զարմանալի եղած է, թէ ինչքան շատ մարդ կը մասնակցէր այդ փառատօնին, եւ՝ այդ մարդոց ուրախութիւնն ու միասնութիւնը։
Նախագահը Սիւնիքի բնակիչները յորդորած է չբաւարարուիլ միայն թութի փառատօնով, որովհետեւ մարզը ոչ միայն թութով հարուստ է, այլ նաեւ միրգերով, ծաղիկներով եւ այլն։
Պատմելով Գորիս իր այցին տպաւորութիւնները՝ նախագահը ըսած է, որ այդ քաղաքին մէջ զգացած է հանգստութիւն եւ միասնութիւն՝ սկսեալ Ակսել Բակունցի տուն-թանգարանէն, մինչեւ քաղաքի բոլոր թաղամասերը։
«Վստահ եմ, որ տեղական իշխանութիւնները եւ Կառավարութիւնը պիտի լուծեն առկայ հարցերը։ Որոշ պարագաներու ես կրնամ օգնել մարդոց կամ լուծել փոքրիկ խնդիրներ»,- եզրափակած է Սարգսեան։
Նշենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, Յուլիս 5-ին, երկօրեա աշխատանքային այցով մեկնած էր Սիւնիքի մարզ: