«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ալեքսէյ Վէսելովսկի (9 Յուլիս 1843, Մոսկուա)-(25 Նոյեմբեր 1918) Ռուս գրականագէտ, պատմաբան։ Համընդհանուր գրկականութեան պատմութեան դոկտոր, Մոսկուայի համալսարանի եւ Լազարեան ճեմարանի դասախօս (1881-էն)։
Աւարտած է Մոսկուայի համալսարանի բանասիրական բաժանմունքը (1863)։ Աշխատած է արտասահմանի մէջ (1863— 1866 թուականներուն, յատկապէս Գերմանիա, ուսումնասիրած է գրականութիւն, թատրոն եւ երաժշտութիւն։
1876—88-ին դասաւանդած է Մոսկուայի օրիորդաց բարձրագոյն դասընթացներ։ 1906 թուականին ընտրուած է գիտութիւններու կաճառի պատուաւոր ակադեմիկոս։ Իր հիմնական հետազօտութիւնները Ալեքսէյ Վէսելովսկին նուիրած է արեւմտաեւրոպական գրկականութեան պատմութեան։ Անոր մենագրութիւնները, կենսագրական եւ պատմական ակնարկները յագեցած են փաստական հարուստ նիւթով։ Մշակութապատմական դպրոցի եւ պատմահամեմատական գրականագիտութեան ներկայացուցիչներէն է։ Վերջինիս բնորոշ գծերը յատկապէս դրսեւորուած են անոր «Արեւմուտքի ազդեցութիւնը ռուս նոր գրականութեան վրայ» (1883) գիրքին մէջ։