spot_img

Վարչապետ Փաշինեան Պաշտօնական Այցով Մեկնած է Սինկափուր, Հանդիպած Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ  –ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանի հետ Սինկափուրի Հանրապետութեան վարչապետ Լի Սիեն Լոնկի հրաւէրով Յուլիս 7–ին պաշտօնական այցով մեկնած է Սինկափուր։

Այս մասին կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես»`վկայակոչելով ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը, Հայաստանի վարչապետը եւ տիկին Աննա Յակոբեանը այցելած են Սինկափուրի հայկական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, որ Սինկափուրի ամենահին քրիստոնէական կառոյցն է (1835 թ.)։ ՀՀ վարչապետի, Սինկափուրի առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան աւագ պետական նախարար եւ Սինկափուրի, ինչպէս նաեւ հարեւան երկիրներու ու տարածաշրջաններու՝ Մալեզիայի, Ինտոնեզիոյ, Թայիլանտի, Հոնկ Քոնկի, Աւստրալիոյ հայ համայնքներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ յարակից հայկական փողոցի նորաբաց այգիին մէջ տեղի ունեցաւ «Վանտա Միսս Ճոակիմ» խոլորձի արձանի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Արձանը կառուցուած է բարերար Խաժակ Մանուկեանի նախաձեռնութեամբ:

«Վանտա Միսս Ճոակիմ» անունը կրող խոլորձ տեսակը, որ յայտնի է նաեւ որպէս Սինկափուրեան կամ Ալոհա արքայադստեր խոլորձ, խառնածին տեսակ է, որ դարձած է Սինկափուրի ազգային ծաղիկ` պետական խորհրդանիշ։ Յայտնի խոլորձը իր անուանումը ստացած է` ի պատիւ Սինկափուրի մէջ բնակող հայ ծաղկաբոյծ Ագնէս Ճոակիմի (Աշխէն Յովակիմեան), ով ծաղիկը յայտնաբերած է Եղէգնուտի մէջ:

Նիկոլ Փաշինեան եւ Աննա Յակոբեան այցելած են Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, շրջայց կատարած հայկական ժառանգութեան թանգարանին մէջ: Վարչապետը գրառում կատարած է պատուաւոր հիւրերու գիրքին մէջ, ապա հանդիպած վերը նշուած պետութիւններու հայ համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ: 

Ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն` վարչապետը ծակեպսակ դրած է Յիշողութեան պարտէզին մէջ կանգնեցուած հայկական խաչքարի մօտ: Պարտէզին մէջ ամփոփուած են նաեւ բազմաթիւ հայկական տապանաքարեր:

Նիկոլ Փաշինեան եւ Աննա Յակոբեան շրջած են նաեւ Սինկափուրի Արմէնիա հայկական փողոցի մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին