spot_img

Էրտողան Եւ Փութին Հեռաձայնային Զրոյց Ունեցած են

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ  – Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային զրոյց ունեցած են:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»՝ վկայակոչելով թրքական «Milliyet»-ը, հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին քննարկուած են երկկողմ յարաբերութիւններուն եւ տարածաշրջանային խնդիրներուն վերաբերող հարցեր:

Խօսուած է նաեւ Լիպիոյ ճգնաժամի մասին: Ինչպէս կը հաղորդեն Քրեմլի մամուլի ծառայութենէն, երկու նախագահները յայտնած են, որ կողմ են Լիպիոյ մէջ հրադադարի անյապաղ հաստատման:

Էրտողան նաեւ ցաւակցած է Փութինին Պարենցի ծովուն մէջ ռուսական սուզանաւի արկածի ժամանակ նաւաստիներու մահուան համար:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին