«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Բենիամին Ժամկոչեան (8 Յուլիս, 1895, Հայնի, Տիգրանակերտ)-(13 Յունուար, 1984, Պէյրութ, լիբանան) Կրթական գործիչ, մանկագիր, հրապարակախօս։
Ծնած է Տիգրանակերտ շրջանի Հայնի գիւղի մէջ։ Հազիւ 40 օրական էր, երբ կը մահանայ անոր հայրը։ Մայրը գերդաստանի մեծերու ստիպումով երկրորդ անգամ կ’ամուսնանայ եւ կը հեռանայ իր երկու զաւակներէն՝ զիրենք յանձնելով իրենց հօրական մեծ մօր խնամքին։ Երեք տարեկան Բենիամինը եւ իր մեծ եղբայրը կ’ուղարկուին Խարբերդի մօտակայ Մեզիրէ կուսակալանիստ քաղաքի գերմանական որբանոց, որ կը կառավարուէր միսիոներներու կողմէ։
Իր եղբօր օրինակին հետեւելով, 19-ամեայ Բենիամինը կ’անդամակցի Հնչակեան ուսանողական միութեան։ 1915 թ. Ապրիլ 21-ին կը ստանայ ուսուցչանոցի աւարտական վկայականը եւ որբանոցի մէջ կ’աշխատի որպէս հսկիչ եւ հացագործ՝ կ’ազատի աքսորէն։ Որոշ ժամանակ անց մի քանի երիտասարդներու հետ կը հեռանայ հաստատութենէն եւ Երիզայի մէջ կը միանայ զօրավար Անդրանիկի զինուորներուն։ Կարինի մօտ մարտի ընթացքին կը վիրաւորուի եւ բուժուելու համար կը տեղափոխուի Սարիղամիշ, Կարս, Թիֆլիս։ Պաթումէն Անգլիական նաւ նստելով կը հասնի Պոլիս, ուր գաղթականներու յանձնախումբի մէջ կը սկսի զբաղիլ կազմակերպչական աշխատանքներով։
1920 թուականին կը տեղափոխուի Ատանա եւ Ազգային Աբգարեան վարժարանէն ներս կ’աշխատի որպէս ուսուցիչ։ 1921 թուականին Ատանայի մէջ իր առաջարկով հիմնուած Հնչակեան կուսակցութեան Կեդրոնական վարժարանին մէջ կ’աշխատի որպէս տնօրէն։ Կիլիկիոյ հայաթափումէն ետք Ժամկոչեան կը հասնի Մերսին, ուր բազմաթիւ այլ գաղթականներու հետ 1922 թուականի վերջին օրերուն նաւով կը տեղափոխուի Պէյրութ։
Հաստատուելով Լիբանան՝ Բենիամին Ժամկոչեան տարբեր տեղեր կը զբաղի ուսուցչութեամբ։ 1930-ին Ազգային Սահակեան վարժարան եւ մինչեւ 1974 թուական կը մնայ տնօրէն։ Պատկանած է Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ, բայց մեծ յարգանք ունեցած է Հայ Առաքելականի նկատմամբ։
Լիբանանի «Սուրբ Գրոց» ընկերութիւնը անոր կը վստահի 19-րդ դարու կիսուն լոյս տեսած արեւմտահայերէն աշխարհաբար Աստուածաշունչի առաջին լուրջ վերամշակումը, որուն համար օգտագործած է իրեն մատչելի բոլոր թարգմանութիւնները՝ գերմաներէն, ռուսերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, սպաներէն։ Աշխատանքը լոյս տեսած է 1981 թուականին։
1949-ին ստացած է Լոս Անճելըսի «Կոլտըն Կէյթ» համալսարանի (Golden Gate University) գրականութեան պատուաւոր դոկտորի կոչում։
1984 թ. խորհրդային Հայաստանի լուսաւորութեան նախարարութեան կողմէ Ժամկոչեանին շնորհուած է Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մրցանակ։
1993 թուականին Երեւանի թիւ 119 դպրոցը անուանակոչուած է Բենիամին Ժամկոչեանի անունով։