«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային զրոյց ունեցած են:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»՝ վկայակոչելով թրքական «Milliyet»-ը, հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին քննարկուած են երկկողմ յարաբերութիւններուն եւ տարածաշրջանային խնդիրներուն վերաբերող հարցեր:
Խօսուած է նաեւ Լիպիոյ ճգնաժամի մասին: Ինչպէս կը հաղորդեն Քրեմլի մամուլի ծառայութենէն, երկու նախագահները յայտնած են, որ կողմ են Լիպիոյ մէջ հրադադարի անյապաղ հաստատման:
Էրտողան նաեւ ցաւակցած է Փութինին Պարենցի ծովուն մէջ ռուսական սուզանաւի արկածի ժամանակ նաւաստիներու մահուան համար:






