Երեքշաբթի, 08. 10. 2024

spot_img

Նամականի

Յարգելի խմբագրութիւն «Զարթօնք»ի,

Ձեր օրաթերթի 4 Յուլիս 2019 թիւի, էջ 7-ի վրայի «Մշակութային օրացոյց» բաժինին մէջ, ներկայացուցած էիք Ժաք Իհմալեանի կենսագրութիւնը: Պիտի ուզէի Ժաք Իհմալեանի կենսագրութեան վրայ աւելցնել այն իրողութիւնը որ ան Փօլ Կիրակոսեանի հետ միասնաբար, նաեւ նկարազարդած է Հրաչ Տասնապետեանի հեղինակութեամբ «Իրագիտութիւն» եւ «Գիտութիւն» դասագիրքերու շարքը որուն առաջին տպագրութեան թուականն է 1955-ը: Դասագիրքերու այս շարքը բաղկացած եղած է վեց գիրքերէ, եւ օգտագործուած առաջին դասարանէն մինչեւ եօթներորդ դասարանի աշակերտութեան կողմէ: Վեցերորդ գիրքը եղած է միացեալ Զ. եւ Է. դասարաններու համար:

Արժէ այստեղ մէջբերել այս դասագիրքերու Ա. գիրքի «Քանի մը խօսք ուսուցիչներուն» բաժնէն, հետեւեալ տողերը Հրաչ Տասնապետեանի. «Հակառակ նիւթական եւ թեքնիք դժուարութեանց, մենք ուզեցինք որ մեր նկարներու բաժինը ըլլայ ճոխ, բոլորովին ինքնատիպ, եւ օժտուած ոճի անհրաժեշտ միութեամբ: Այս դիտումով՝ պատկերազարդման գործը վստահեցանք երկու երիտասարդ, այլ շնորհալի նկարիչներու՝ Պ. Պ. Պօղոս Կիրակոսեանի եւ Յակոբ Իհմալեանի (էջ [3], Դ. տիպ, 1966, «Սեւան» տպարան եւ հրատարակչատուն):

Այս օրերուն մեզի ծանօթ Փօլն ու Ժաքը այդ օրերուն տակաւին Պօղոս ու Յակոբ էին…

Արժէ նոյնպէս այստեղ յիշատակել որ Սիմոն Սիմոնեանի տպարան «Սեւան»ն ու հրատարակչական տունը անձնական նախաձեռնութիւններ եղած են, եւ իրենց գոյութեան ընթացքին, 1955-1983, հայ ուսանողին համար հրատարակած են 55 անուն դասագիրք, որոնք Լիբանանէն տարածուած են, եւ հայ ուսանողին կողմէ օգտագործածուած են բացի Լիբանանէն, ցարդ մեզի ծանօթ 17 երկիրներու մէջ: (Տես «Հայկական անդրսահմանային տարածականութիւնը եւ արդի հաղորդակցական միջոցները» գիրքի 117-րդ էջի վրայ,Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանի ուսումնասիրութիւնը «Սփիւռքահայ հաղորդակցական իւրօրինակ ցանց մը 1940-80ականներուն, Սիմոն Սիմոնեանի «Սեւան» հրատարակչական տան հայալեզու դասագիրքերը»:

Եւ վերջապէս նոյնպէս արժէ յիշել այստեղ որ Սիմոն Սիմոնեանի «Սեւան»էն լոյս տեսած այս 55 դասագիրքերուն պատկերազարդման համար, բացի Իհմալեան Ժաքէն եւ Կիրակոսեան Փօլէն, Սիմոնեան ունեցած է աջակցութիւնը այլ արուեստագէտներու ինչպիսիք են Ապտալեան Համոյ, Ասատ[ու]րեան Յովհաննէս, Արարատեան Մասիս, Խաչերեան Պարոյր, Կոճամանեան Բիւզանդ եւ Ֆազլեան Պերճ:

Ներեցէք որ երկարեցաւ նամակս:

 

Յարգանքով՝

ՍԱՍՈՒՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆ 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին