Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Մհեր Մկրտչեան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Մհեր Մկրտչեան (4 Յուլիս, 1930, Լենինական, Հայաստան, ԽՍՀՄ – 29 Դեկտեմբեր, 1993, Երեւան, Հայաստան), նշանաւոր հայ դերասան, ԽՍՀՄ ժողովրդական արտիստ, շարժանկարի եւ թատրոնի մեծ կատակերգու։

Մհեր Մկրտչեան ծնած է Գիւմրի, 1930-ին։ Հայրը ծագումով մշեցի էր, իսկ մայրը՝ վանեցի։

Գիւմրիի մէջ սորված է նկարչական ու երաժշտական դպրոցներու մէջ, միաժամանակ յաճախած է թատերական ինքնագործ խմբակ։ 1945-1946 ուսանած է Մռաւեանի անուան թատրոնին կից արուեստանոցին մէջ, աւարտելէն եք, 1947-ին, ընդգրկուած է նոյն թատրոնի հիմնական խումբին մէջ։ Այս թատրոնին մէջ Մհերը խաղցած է տասնեակէ աւելի մեծ ու փոքր դերեր՝ ցուցաբերելով իր տարիքին համար անսովոր վարպետութիւն։

1951-1956 ուսանած է Երեւանի պետական գեղարուեստա-թատերական ուսումնարանին մէջ (ղեկավար՝ Վաղարշ Վաղարշեան)։

1956-ին տեղափոխուած է Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմիական թատրոն:

1959-ին բեմադրիչ Համասի Մարտիրոսեանը զինք հրաւիրած է նկարահանուելու «01-99» կարճ ֆիլմին մէջ, ուր Մհերը ստեղծած է հիւթեղ կերպար մը, որ մինչեւ այժմ ալ հանդիսատեսը չի մոռնար։

Բարձր մասնագիտացումը, կերպարին ազգային դէմք ու դիմագիծ հաղորդելու կարողութիւնը, պաստառի ճշմարիտ զգացողութիւնն ու շատ այլ յատկանիշներ Մհեր Մկրտչեանին հնարաւորութիւն տուին դասուելու շարժանկարի արուեստի ինքնատիպ անուններու շարքին։ Այդ ամէնը հիանալի դրսեւորուեցան Արսէն («Նուագախմբի տղաները»), Գասպար («Եռանկիւնի»), Իշխան («Մենք ենք, մեր սարերը»), Հայրիկ («Հայրիկ»), Ամիրօ («Նահապետ»), Գրիգոր աղա («Կտոր մը երկինք»), Իսայի («Խաթաբալա») դերերուն մէջ։

Մհեր Մկրտչեանը եթե «Հայֆիլմ»-ի մէջ յաջողութեամբ կը մարմնաւորէր դրամատիկական կերպարներ, ինչպէս Նիկոլը («Հին օրերի երգը»), ուստի այլ շարժանկարի արուեստանոցները զինք կը հրաւիրէին բացառապէս կատակերգական դերերու համար։ Ան նկարահանուեցաւ «Կովկասի գերուհին», «Այբոլիտ-66», «Միմինօ», «Ալի բաբան եւ քառասուն աւազակները», «Ունայնութիւն ունայնութեանց» ժապաւէններուն մէջ, որոնց մէջ խաղցուած դերակատարումները գնահատուեցան պետական բարձր պարգեւներով։

Մհեր Մկրտչեան մահացած է 1993-ին։ Գիւմրիի մէջ կը գործէ Մհեր Մկրտչեանի թանգարանը, ուր կան հարուստ նիւթեր դերասանի կեանքին, ստեղծագործութեան վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ անոր անձնական իրերը։

Մկրտչեան ունեցած է երկու անուն, առաջինը Մհեր. այսպէս անոր դիմած են տան մէջ, երկրորդը՝ Ֆրունզ. զինք անուանած են այդպէս՝ ի պատիւ յայտնի քաղաքացիական պատերազմի հերոս Միխայիլ Ֆրունզէի: Անձնագրի մէջ մէջ դերասանը ստորագրած է իբրեւ Ֆրունզ Մկրտչեան, ուրիշ անձնագրի մը մէջ՝ Մհեր Մկրտչեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին