«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Ժորժ Փոմփիտու (5 Յուլիս, 1911, Մոնպուտիֆ, 2 Ապրիլ, 1974, Փարիզ (ֆրանսացի պետական եւ քաղաքական գործիչ, Ֆրանսայի վարչապետ 1962-1968 եւ նախագահ 1969-1974 թուականներուն։
1934 թուականին ստացած է Քաղաքագիտական գիտելիքներու ազատ դպրոցի վկայական։ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի (1939–1945) ժամանակ հարած է Դիմադրութեան շարժումին, Շառլ տը Կոլի մերձաւոր գործակիցներէն էր։
Գործուն մասնակցութիւն ունեցած է «Ֆրանսական ժողովուրդի միաւորում» կուսակցութեան կազմակերպման։ 1958-ին նշանակուած է տը Կոլի գրասենեակի գործերու կառավարիչ (տնօրէն), մասնակցած 1958-ի սահմանադրութեան մշակման։
1962–1968 երկրի վարչապետն էր, իսկ 1969-էն՝ նախագահ։
Շարունակած է տը Կոլի արտաքին քաղաքական քայլը՝ Ֆրանսայի համար ապահոված անկախ գործողութիւններ միջազգային ասպարէզի մէջ՝ պահպանելով դաշնակցային յարաբերութիւնները արեւմտեան պետութիւններու հետ, ինչպէս նաեւ զարգացուցած յարաբերութիւնները ԽՍՀՄ-ի եւ սոցիալիստական ճամբարի միւս երկիրներու հետ։
Եղած է ԽՍՀՄ-ի մէջ։ Ստորագրած է խորհրդա-ֆրանսական արձանագրութիւն միջազգային կարեւոր հարցերու շուրջ խորհրդակցելու վերաբերեալ (1970, Մոսկուա), «ԽՍՀՄ-ի ու Ֆրանսայի միջեւ համագործակցութեան սկզբունքներ»-ը (1971, Փարիզ) եւ քաղաքական այլ փաստաթուղթեր։
Հեղինակ է ֆրանսական գրականութեան պատմութեան վերաբերեալ աշխատութիւններու։