Կիրակի, 15. 06. 2025

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Ժորժ Փոմփիտու

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Ժորժ Փոմփիտու (5 Յուլիս, 1911, Մոնպուտիֆ, 2 Ապրիլ, 1974, Փարիզ (ֆրանսացի պետական եւ քաղաքական գործիչ, Ֆրանսայի վարչապետ 1962-1968 եւ նախագահ 1969-1974 թուականներուն։

1934 թուականին ստացած է Քաղաքագիտական գիտելիքներու ազատ դպրոցի վկայական։ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի (1939–1945) ժամանակ հարած է Դիմադրութեան շարժումին, Շառլ տը Կոլի մերձաւոր գործակիցներէն էր։

Գործուն մասնակցութիւն ունեցած է «Ֆրանսական ժողովուրդի միաւորում» կուսակցութեան կազմակերպման։ 1958-ին նշանակուած է տը Կոլի գրասենեակի գործերու կառավարիչ (տնօրէն), մասնակցած 1958-ի սահմանադրութեան մշակման։

1962–1968 երկրի վարչապետն էր, իսկ 1969-էն՝ նախագահ։

Շարունակած է տը Կոլի արտաքին քաղաքական քայլը՝ Ֆրանսայի համար ապահոված անկախ գործողութիւններ միջազգային ասպարէզի մէջ՝ պահպանելով դաշնակցային յարաբերութիւնները արեւմտեան պետութիւններու հետ, ինչպէս նաեւ զարգացուցած  յարաբերութիւնները ԽՍՀՄ-ի եւ սոցիալիստական ճամբարի միւս երկիրներու հետ։

Եղած է ԽՍՀՄ-ի մէջ։ Ստորագրած է խորհրդա-ֆրանսական արձանագրութիւն միջազգային կարեւոր հարցերու շուրջ խորհրդակցելու վերաբերեալ (1970, Մոսկուա), «ԽՍՀՄ-ի ու Ֆրանսայի միջեւ համագործակցութեան սկզբունքներ»-ը (1971, Փարիզ) եւ քաղաքական այլ փաստաթուղթեր։

Հեղինակ է ֆրանսական գրականութեան պատմութեան վերաբերեալ աշխատութիւններու։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին