Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Ֆրանց Գաֆգա

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ֆրանց Գաֆգա Kafka (3 Յուլիս, 1883, Փրակա,- 3 Յունիս, 1924, Աւստրիա) Հրէական ծագումով գերմանալեզու գրող, վէպերու («Դատավարութիւն», «Դղեակ», «Կերպարանափոխութիւն» եւ այլն) ու պատմուածքներու հեղինակ, որ յայտնի է իբրեւ 20-րդ դարու գրականութեան խոշորագոյն գործիչներէն մէկը։ Գաֆգայի ստեղծագործութիւնները, որոնց մէջ միաւորուած են իրականութիւնն ու հրաշալիքներու տարրերը, սովորաբար ունին մեկուսացած հերոսներ, որոնք կը բախին տարօրինակ ու սիւրռէալիստական դժուարութիւններու եւ հասարակական-պիւրոկրատիկ անհասկնալի ուժերու հետ, եւ նուիրուած են օտարացման, մեղքի ու տարօրինակութեան թեմաներու բացայայտման։ Անգլերէնի մէջ կ՝օգտագործուի Kafkaesque (Գաֆգեսկ) եզրոյթը՝ նշանակելու համար այն իրադրութիւնները, որոնց նմանները կը հանդիպին Գաֆգայի ստեղծագործութիւններուն մէջ։

Գաֆգան ծնած է այն ժամանակ Աւստրո-Հունգարական կայսրութեան մաս կազմող Պոհեմիայի թագաւորութեան մայրաքաղաք Փրակայի մէջ՝ գերմանախօս հրեաներու՝ միջին դասի պատկանող ընտանիքի մէջ։ Իրաւաբանական կրթութիւն ստանալէ ետք՝ Գաֆգան աշխատած է ապահովագրական ընկերութեան մէջ, որուն պատճառով գրական գործունէութեամբ կրցած է զբաղիլ միայն ազատ ժամանակ։ Իր կեանքին ընթացքին՝ Գաֆգան գրած է հարիւրաւոր նամակներ՝ ուղղուած իր ընտանիքի անդամներուն ու ընկերներուն, նաեւ հօրը, որուն հետ ունեցած է լարուած ու պաշտօնական յարաբերութիւններ։ Ան նշանադրուած է քանի մը կանանց հետ, սակայն երբեք չէ ամուսնացած։ Մահացած է 1924 թուականին՝ քառասուն տարեկանին, թոքախտէ։

Գաֆգայի շատ քիչ ստեղծագործութիւններ հրատարակուած են անոր կենդանութեան օրով: Անոնցմէ են «Մտորում» ու «Գիւղական բժիշկ» պատմուածներու ժողովածուները եւ առանձին ստեղծագործութիւններ, որ տպագրուած են գրական ամսագրերու մէջ, բայց քիչ ուշադրութեան արժանացած են։ Մահէն առաջ Գաֆգան իր ընկերոջ՝ Մաքս Պրոտին, յանձնարարած է ոչնչացնել իր անաւարտ աշխատանքները, ինչպէս նաեւ «Դատավարութիւն», «Դղեակը», «Ամերիկա» (նաեւ յայտնի է «Մարդը, որ անհետացաւ» խորագիրով) վէպերը, սակայն ան անտեսած է իր ընկերոջ խնդրանքն ու հրատարակած է զանոնք գրողի մահէն ետք։ Անոր ստեղծագործութիւնները ազդեցութիւն ունեցած են 20-րդ դարու բազմաթիւ գրողներու, քննադատներու, նկարիչներու եւ փիլիսոփաներու վրայ։

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին