Շաբաթ, 29 Յունիս 2019-ի առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Էմիլ Լահուտի անուան Համագումարներու Պալատին մէջ, նախկին նախարարուհի Լէյլա Սոլհի հովանաւորութեամբ, մարդասիրական հանրածանօթ «Քիպարունա» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան տեղի ունեցաւ «Մեծ Հայրերու» օրուան նուիրուած աւանդական հանդիսութիւնը: Այս առիթով գործադրուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը, որուն ամենափայլուն գնահատականները ուղղուեցան ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբին:
«Արին»ի պարման-պարմանուհիները, գեղարուեստական ղեկավար Անի Կոստանեանի օգնական Դալար Փամպուքեանի ղեկավարութեամբ եւ պարախումբի տիկնանց վարչութեան ժրաջան անդամուհիներուն աջակցութեամբ, յաջորդաբար կատարեց «Տըլէ Եաման» (աղջիկներ), «Շատախ» (տղաք) եւ արաբական (աղջիկներ) պարերը:
Հանդիսութեան աւարտին «Քիպարունա» հանդիսութեան կազմակերպիչ Հանրիէթ Հատէտ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբին փայլուն մասնակցութեան: Ձեռնարկի հովանաւոր Լէյլա Սոլհ դրուատեց լիբանանահայ իրականութեան մէջ ՀԵԸ-ի գործունէութիւնը եւ գնահատանքի յուշանուէր մը յանձնեց ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբի տիկնանց վարչութեան ատենապետուհի Անի Պոտրումեանին եւ յիշատակի նկար մը առաւ «Արին» պարախումբին հետ:
ՀԵԸ-ի Մամլոյ եւ Տեղեկատուական Գրասենեակ