Երկուշաբթի, 16. 06. 2025

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Ռաֆայէլ Ջրբաշեան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Ռաֆայէլ Ջրբաշեան (2 Յուլիս, 1923, Կիսլովոդսկ – 16 Յունուար, 2019, Երեւան), բեմադրիչ։ ՀԽՍՀ արուեստի վաստակաւոր գործիչ, ՀՀ ժողովրդական արտիստ (2008)։

Աւարտած է Թիֆլիսի պետական մանկավարժական ուսումնարանի ռուսական բանասիրութեան բաժինը, 1949-ին՝ Երեւանի գեղարուեստա-թատերական ուսումնարանի բեմադրական բաժանմունքը փրոֆէսըր Վաւիկ Վարդանեանի ղեկավարութեամբ։ Դասաւանդած է Երեւանի դպրոցներուն մէջ։ 1954-1969 թուականներուն եղած է Երեւանի Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի թատրոնի բեմադրիչ, 1971-1973 թուականներուն՝ Վանաձորի Աբելեանի անուան թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար, 1975-1990 թուականներուն՝ Արտաշատի Ամօ Խարազեանի անուան եւ միջշրջանային թատրոններու գեղարուեստական խորհրդատուն, բեմադրութիւններ ըրած է օփերայի եւ պալէի, Պարոնեանի անուան, Պատանի հանդիսատեսի, Գիւմրիի Վարդան Աճեմեանի անուան, Ստեփանակերտի Վահրամ Փափազեանի անուան եւ այլ թատրոններու մէջ։ 1957 թուականէն կը դասաւանդէ Երեւանի թատրոնի եւ շարժանկարի պետական ուսումնարանէն ներս, եղած է ամպիոնի վարիչ, փոխ տնօրէն, 1985 թուականէն՝ փրոֆէսըր։ Անոր ջանքերով ուսումնարանին մէջ ստեղծուած է բամադրութեան ամպիոնը եւ բեմանկարչութեան բաժինը։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին