Կիրակի, 15. 06. 2025

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Յարութ Փամպուքճեան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –   Յարութ Փամպուքճեան  (1 Յուլիս, 1950, Երեւան), յայտնի իբրեւ ձախ Յարութ, ամերիկահայ երգիչ, երաժիշտ։ ՀՀ վաստակաւոր արտիստ (2015)։

Ծնած է 1950-ին, Երեւան։ Զաւակն է Եսայի Փամպուքճեանի եւ Ծաղիկ Շահակեանի։ Հայրը ծնած է 1901-ին Զէյթուն, մայրը՝ 1907-ին Տիգրանակերտ։ Եղեռնէն ետք անոնք ապրած են Պէյրութի մէջ, իսկ այնտեղէն 1946-ին հաստատուած հայրենիք։ Երեւան, Նոր Արեշ թաղամասին մէջ, 1950-ին ծնած է Յարութը։ Յաճախած է տեղի թիւ 43 դպրոցը եւ ընդունուած Թերլեմեզեանի անուան Գեղարուեստի ուսումնարանը, որ աւարտած է 1968-ին։ Բանակին ծառայած է երկու տարի, Ուքրանիոյ Գանադոբ քաղաքին մէջ:

Յարութ պատանեկութենէն հետաքրքրուած է երաժշտական գործիքներով ու սորված է նուագել կիթառ, սազ, պուզուկի, տհոլ, ու դաշնակ։ Իր ստեղծած «Էրեբունի» խումբով ելոյթներ ունեցած է ամենատարբեր առիթներով ու կատարած ամենատարբեր տեսակի երաժշտութիւն, ներառեալ՝ ռոք, ռապիզ ու շանսոն։

1971-ին կորսնցուցած է հայրը, որմէ ետք՝ 1975-ին, մօր հետ մեկնած է Պէյրութ՝ Լիբանան, իսկ այնտեղէն՝ մէկ տարի անց՝ տեղափոխուած է ԱՄՆ եւ հաստատուած է Լոս Անճելըս, ուր շարունակած է երաժշտական գործունէութիւնը։

Կեղծանունին «Ձախ» բառը յառաջացած է Յարութ Փամպուքճեանի ձախլիկ ըլլալէն:

Պարգեւատրուած է ՀՀ վարչապետի յուշամետալով (2015) (Ծննդեան 65-ամեակին առիթով եւ հայ երաժշտական արուեստը ներկայացնելու գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդին համար:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին