«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Յարութ Փամպուքճեան (1 Յուլիս, 1950, Երեւան), յայտնի իբրեւ ձախ Յարութ, ամերիկահայ երգիչ, երաժիշտ։ ՀՀ վաստակաւոր արտիստ (2015)։
Ծնած է 1950-ին, Երեւան։ Զաւակն է Եսայի Փամպուքճեանի եւ Ծաղիկ Շահակեանի։ Հայրը ծնած է 1901-ին Զէյթուն, մայրը՝ 1907-ին Տիգրանակերտ։ Եղեռնէն ետք անոնք ապրած են Պէյրութի մէջ, իսկ այնտեղէն 1946-ին հաստատուած հայրենիք։ Երեւան, Նոր Արեշ թաղամասին մէջ, 1950-ին ծնած է Յարութը։ Յաճախած է տեղի թիւ 43 դպրոցը եւ ընդունուած Թերլեմեզեանի անուան Գեղարուեստի ուսումնարանը, որ աւարտած է 1968-ին։ Բանակին ծառայած է երկու տարի, Ուքրանիոյ Գանադոբ քաղաքին մէջ:
Յարութ պատանեկութենէն հետաքրքրուած է երաժշտական գործիքներով ու սորված է նուագել կիթառ, սազ, պուզուկի, տհոլ, ու դաշնակ։ Իր ստեղծած «Էրեբունի» խումբով ելոյթներ ունեցած է ամենատարբեր առիթներով ու կատարած ամենատարբեր տեսակի երաժշտութիւն, ներառեալ՝ ռոք, ռապիզ ու շանսոն։
1971-ին կորսնցուցած է հայրը, որմէ ետք՝ 1975-ին, մօր հետ մեկնած է Պէյրութ՝ Լիբանան, իսկ այնտեղէն՝ մէկ տարի անց՝ տեղափոխուած է ԱՄՆ եւ հաստատուած է Լոս Անճելըս, ուր շարունակած է երաժշտական գործունէութիւնը։
Կեղծանունին «Ձախ» բառը յառաջացած է Յարութ Փամպուքճեանի ձախլիկ ըլլալէն:
Պարգեւատրուած է ՀՀ վարչապետի յուշամետալով (2015) (Ծննդեան 65-ամեակին առիթով եւ հայ երաժշտական արուեստը ներկայացնելու գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդին համար: