«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ռուբէն Մանկասարեան (29 Յունիս, 1960, Երեւան)-(21 Մարտ, 2009, Երեւան
լուսանկարիչ, ֆոթոլրագրող։
Անոր նկարները Հայաստանի անցած պատմական ճանապարհի, անոր ողբերգական եւ ծանր տարիներու՝ Սպիտակի երկրաշարժի, արցախեան շարժման, պատերազմի, սոցիալական ծանր իրականութեան, Հայաստանի անկախացում, հայ-թրքական յարաբերութիւններու մասին են։
Յաճախած է Մոսկուայի անտառտեխնիկական հիմնարկը: 1979 թուականին ծառայած է խորհրդային բանակին: 1983 թուականին եղած է Հայկական հեռատեսիլի լուսանկարիչ, 1985 թուականին՝ «Նովոստի» գործակալութեան լուսանկարիչ: 1996 թուականին Երեւանի մէջ հիմնադրած է «Պատկեր» գործակալութիւնը: 2004 թուականին ղեկավարած է Լրատուամիջոցներու կովկասեան հիմնարկը «Ուորլտ փրես Ֆոթօ» ֆոթօ լրագրութեան դասընթացը:
Ռուբէն Մանգասարեանը հեղինակ է մի քանի տասնեակ լուսանկարչական ռեբորթաժներու, որոնք տպագրուած են «Թայմս», «Պոսթոն Կլոպ», «Ֆիկարօ», «Ճէօ Քորէա», «Նիւ-Եորք Թայմս», «Ֆոքուս» եւ շարք մը այլ պարբերականներու մէջ։ Ան համագործակցած է «AP», «Ֆրանս-փրես», «Ռոյթըրս», «Իթառ-Թասս», «Ռիա-Նովոսթի» եւ այլ գործակալութիւններու հետ։ Ան յաջողած էր ձեռք բերել ամերիկեան նշանաւոր «National Geographic Traveler» հանդէսի հայաստանեան տարբերակը հրատարակելու իրաւունքը։