«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – 28 Յունիս 1992 Թուականին «Հայկական Զինուժը» Փայլուն Յաղթանակ Տարաւ Հայկական զինուած ուժերը Մոնթէ Մելքոնեանի հրամանատարութեամբ ազատագրեցին Ճարտար, Մաճկալաշեն, Կարմիր Շուկայ բնակավայրերը:
Նոյն օրը Մարտունիի շրջանի գիւղերու զանգուածային հրթիռակոծումէն ետք թշնամին շուրջ 40 միաւոր զրահամեքենայի աջակցութեամբ հզօր յարձակում ձեռնարկեց Ալիբալի, Ճարտար, Կարմիր Շուկայ եւ Մաճկալաշէն գիւղերու ուղղութեամբ:
Կազմաւորուեցաւ պաշտպանութեան բանակի թիւ 36534 զօրամասը՝ Մոնթէ Մելքոնեանի ղեկավարած Մարտունիի պաշտպանական շրջանը: Ինքնապաշտպանութեան ուժերը վերցուցին 3 եւ ոչնչացուցին նոյնքան զրահամեքենայ ու թշնամիի 200 զինուոր, Մարտունիի եւ Ասկերանի մէջ վերատիրացան որոշ բարձունքներու:
Նոյն օրը, Հադրութի շրջանի մէջ գրաւելով Հողեր եւ Տող գիւղերու պահակակէտերը, թշնամիի ստորաբաժանումները ներխուժեցին Տողի գինագործարան, ապա մօտ 4 քմ խորացան գիւղի տարածք, սակայն ինքնապաշտպանութեան ուժերու ձեռնարկած հակայարձակման շնորհիւ ճակատի գիծը երեկոյեան վերականգնուեցաւ:
Յունիս 28-29-ի կռիւներուն զոհուեցան 10 ազատամարտիկ, թշնամին կորսնցուց 9 հրասայլ եւ 7 զրահամեքենայ, ծանր պարտութիւն կրեց նաեւ Ցորի եւ Էդիլլուի մէջ, ուր ունէր նաեւ «ՄԻ-24» ուղղաթիռներու աջակցութիւնը:
Հայկական Զինուած ուժերը փայլուն յաղթանակ տարին: