Կիրակի, 15. 06. 2025

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Լիւտվիկ Դուրեան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Լիւտվիկ Դուրեան (Քրիստոստուրեան)  (21 Յունիս, 1933, Ռոստով)-(9 Յուլիս, 2010 Երեւան) Բանաստեղծ, լրագրող, ԽՍՀՄ գրողներու միութեան անդամ 1958 թուականէն, ԽՄԿԿ անդամ 1969 թուականէն:

1934 թուականին Ռոստովէն տեղափոխուած է Հայաստան եւ բնակութիւն հաստատած Կոտայքի շրջանի Շահապ գիւղի մէջ։ 1954 թուականին աւարտած է Երեւանի Միչուրինի անուան ուսումնարանը, այդ ընթացքին տպագրած է իր առաջին բանաստեղծութիւնները։ 1956-1957 թուականներուն Կալինինոյի «Կոլտնտեսականի ձայն» շրջանային թերթի պատասխանատու քարտուղար էր, 1957-1969 թուականներուն՝ գրական աշխատող «Երեկոյեան Երեւան» թերթի: 1971 թուականին աւարտած է Մոսկուայի Մաքսիմ Կորքիի անուան Գրականութեան հիմնարկը։ Գրելուն զուգընթաց աշխատած է շրջանային թերթի պատասխանատու քարտուղար, տասնչորս տարի անընդմէջ «Երեկոյեան Երեւան» օրաթերթի, ապա «Հայաստան» հրատարակչութենէն ներս՝ որպէս բաժնի վարիչ։

Բանաստեղծութիւններու անդրանիկ գիրքը՝ «Արշալոյսի երգեր», լոյս տեսած է 1957 թուականին։ Հեղինակած է շուրջ երեք տասնեակի հասնող բանաստեղծական ժողովածուներ։ Անոր բանաստեղծութիւններով գրուած են բազմաթիւ սիրուած երգեր։ Անոր ստեղծագործութիւնները թարգմանուած են ԽՍՀՄ եւ արտասահմանեան ժողովուրդներու լեզուներով, բանաստեղծութիւններու շարք ունի «Համաշխարհային գրականութիւն» մատենաշարի «Սովետական պոէզիա» հատորի մէջ։ Ռուսերէն լոյս տեսած են բանաստեղծի չորս ժողովածուներ՝ «Եղէգան ստուեր», «Արեւագիրք», «Նա իջնում է արեւից», «Թալիսման»։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին