Շաբաթ, 18. 05. 2024

spot_img

Micro Art Թանգարան (լուսանկարներ)

ԱՐԵԳԻ ՏԱՂԼԵԱՆ (11 տարեկան)

ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ կայքի հիմնադիր

Եթէ մանր իրեր կը սիրէք,  անոնց հետ կարելի է  ծանօթանալ Micro Art թանգարանի մէջ (Երեւան,  Աբովեան 8 հասցէին)։

Այնտեղ դուք կը տեսնէք օրինակ՝ բրինձի կիսուած հատիկի վրայ նկարուած պատկեր, ասեղի անցքի մէջ տեղադրուած քանդակ եւ այլն։

Այս գաղափարի հեղինակը Էդուարդ Տէր-Ղազարեանն է, ան յետագային իր թոռնիկի հետ շարունակած է այս աշխատանքը։

Միտքը Էդուարդ Տէր-Ղազարեանի մօտ առաջին անգամ ծագած է, երբ անոր ընկերը խնդրած է փոքրիկ աղջկան համար ջութակ մը պատրաստել, քանի որ երեխան 4 տարեկան էր եւ   բոլոր ջութակները իրեն համար շատ մեծ էին։ Ան ջութակը կը պատրաստէ եւ կը յանձնէ ընկերոջը։ Սակայն յետոյ Տէր Ղազարեան կը մտածէ, որ կարելի է ջութակը  չափերով աւելի փոքրացնել եւ այնքան կը փոքրացնէ, որ կը հասցնէ շատ փոքր չափերու։ Դժուար է հաւատալ բայց ան կրցած է զայն նուագել։

Էդուարդ Ղազարեան նաեւ զինագործ եւ պատերազմի մասնակից ըլլալով պատրաստած է զէնքի տեսք ունեցող երաժշտական գործիք մը, որ իր մէջ կը ներառէ մօտ 30 երաժշտական գործիքներ։ Ան ըսած է, գործիքը զէնքի ձեւով ստեղծած է՝ փաստելու, որ զէնքով ոչ միայն կարելի է կրակել այլեւ նուագել։ Իսկ ամենազարմանալին այն, որ ան կրցած է ստեղծել ասեղի անցքին մէջ շարժող քանդակ մը։

Այցելեցէք այս զարմանահրաշ թանգարանը։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին