Երկուշաբթի, 04. 12. 2023

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Էդուարդ Տէր-Ղազարեան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Էդուարդ Տէր-Ղազարեան  (20 Յունիս 1923, Երեւան)-( 16 Ապրիլ, 2012 Երեւան) Մանրադիտակային քանդակներու եւ փորագրութիւններու վարպետ, երաժիշտ, ՀՀ արուեստի վաստակաւոր գործիչ (2004)։ Անզէն աչքով անտեսանելի իր առաջին աշխատանքները ցուցադրած է Երեւանի մէջ աւելի քան կէս դար առաջ՝ 1947 թուականին։ Ըլլալով ջութակի հանրայայտ վարպետ-նորարար, տաղանդաւոր երաժիշտ, քանդակագործ եւ անգերազանցելի ծաղրանկարիչ՝ ան ամբողջ աշխարհը զարմացուցած է իր եզակի գործերով։ Վարպետի կեանքի իւրաքանչիւր հատուած կրնայ դառնալ նկարիչի, երաժիշտի, բժիշկ-ակնաբոյժի, սրտաբանի կամ գիտնականի ինքնուրոյն կենսագրութիւն։

Բազմամեայ գործունէութեան եւ վաստակի համար 87-ամեայ Էդուարդ Տէր-Ղազարեանին շնորհուած է մշակոյթի նախարարութեան ոսկէ մետալ։ Անսովոր ձիրքի տէր արուեստագէտը նաեւ սրամիտ ու կենսուրախ մարդ եղած է։ Արուեստագէտի ընկերոջ՝ Արմէն Պուտաղեանի բնորոշմամբ քանդակագործը «մեր ժողովուրդի պարծանքն է, ան չունի մրցակից եւ կը թափանցէ անտեսանելի գաղտնիքներէն այն կողմ»։ լուվրի թանգարանի պատուէրով բրինձի հատիկի վրայ քանդակած ու աւարտած էր Այուազովսկիի «Իններորդ Ալիքը», երբ անսպասելիօրէն «քանդակը» կը կլլէ պատշգամի մէջ յայտնուած աղաւնին։ Աղաւնին կը կլլէ մէկ միլիոն տոլարն ու երեք ամսուայ տքնաջան աշխատանքի արդիւնքը։

Էդուարդ Տէր-Ղազարեանի մօտ մանրաքանդակներու միտքը առաջին անգամ ծագած է, երբ անոր ընկերը խնդրած է, որ իր փոքրիկ աղջկան համար ջութակ մը պատրաստէ, քանի որ երեխան 4 տարեկան էր եւ   բոլոր ջութակները իրեն համար շատ մեծ էին։ Տէր Ղազարեանը ջութակը կը պատրաստէ եւ կը յանձնէ ընկերոջը։ Սակայն յետոյ ան կը մտածէ, որ կարելի է ջութակը  չափերով աւելի փոքրացնել եւ այնքան կը փոքրացնէ, որ կը հասցնէ միլիմեթրերու։ Դժուար է հաւատալ բայց ան կրցած է նաեւ զայն նուագել։ Էդուարդ Ղազարեան նաեւ զինագործ եւ պատերազմի մասնակից ըլլալով՝ պատրաստած է զէնքի տեսք ունեցող երաժշտական գործիք մը, որ իր մէջ կը ներառէ մօտ 30 երաժշտական գործիքն։ Ան ըսած է, գործիքը զէնքի ձեւով ստեղծած եմ՝ փաստելու համար, որ զէնքով ոչ միայն կարելի է կրակել այլեւ նուագել։ Իսկ ամենազարմանալին այն է, որ ան կրցած է ստեղծել ասեղի անցքին մէջ շարժող քանդակ մը։

Այժմ Երեւանի մէջ Աբովեան 8 հասցէին կը գործէ Micrօ Art թանգարանը, ուր կը ցուցադրուին Էդուարդ Տէր Ղազարեանի եւ իր գործը շարունակող թոռնիկի հեղինակած մանրաքանդակները։ Ցուցասրահին մէջ կան նաեւ յայտնի թերթերէն առնուած էջեր, ուր անդարձարձ կայ Էդուարդ Տէր Ղազարեանի արուեստի մասին, այդ թերթերու շարքին է նաեւ Զարթօնք»-ը։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին