Կիրակի, 15. 06. 2025

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Ղեւոնդ Ալիշան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Ղեւոնդ Ալիշան (Քերովբէ Ալիշանեան) (18 Յունիս 1820, Պոյիս)- (9 Նոյեմբեր, 1901, Սուրբ Ղազար Կղզի) Բանաստեղծ, բանասէր, պատմաբան, աշխարհագրագէտ, թարգմանիչ, վենետիկի մխիթարեան միաբանութեան անդամ 1838 թ.։

Ծնած է դրամագէտ–հնագէտի ընտանիքի մէջ։ Սկզբնական կրթութիւնը տեղի Չալըխեան վարժարանի մէջ ստանալէն ետք (1830-1832), ուսումը շարունակած է Վենետիկի Մխիթարեաններու դպրոցին մէջ (1832-1841)։ Յետագային աշխատած է Ռաֆայէլեան Վարժարանի մէջ իբրեւ ուսուցիչ (1841-1850, ապա՝ 1866-1872), տեսուչ (1848-ից), «Բազմավէպ»-ի խմբագիր (1849-1851), ուսուցիչ Փարիզի Մուրատեան վարժարանի մէջ (1859-1861)։ 1872 թուականէն ամբողջովին նուիրուած է գիտական գործունէութեան։ Եղած է Ֆրանսական կաճառի Պատուոյ լէկէոնի դափնեկիր (1886), անդամակցած է իտալական եւ ռուսական գիտական ընկերութիւններուն։

Ալիշան գրական ասպարէզ մտած է որպէս բանաստեղծ։ Շարունակելով մխիթարեաններու գրական աւանդները՝ նախ գրած է կրօնական թեմաներով, գրաբարով։ Հայ ժողովուրդի ազգային ինքնագիտակցութեան եւ համախմբման շրջանին, երբ ժողովուրդի ազատագրական ձգտումները նոր մարմնաւորում կը ստանային, Ալիշանի ստեղծագործութիւնը դարձաւ անոր արձագանգն ու արտացոլումը։ Այդ երկերու մէջ, որոնք գրուած են աշխարհաբարով, ան պատկերած է հայ ժողովուրդի պատմական անցեալի հերոսական դրուագները։ 1847-1860 թթ. «Բազմավէպ»–ի մէջ Նահապետ ստորագրութեամբ Ալիշան հրատարակած է շարք մը բանաստեղծութիւններ եւ պոէմներ («Ողբամ զքեզ, Հայոց աշխարհ», «Հրազդան», «Մասիսու սարերն», «Աշոտ Երկաթ ի ծովուն Սեւանայ»), որոնք անոր բանաստեղծութեան բարձրակէտն են։

Ալիշան իր ուժերը փորձած է նաեւ գեղարուեստական արձակի մէջ՝ հրատարակելով «Յուշիկք հայրենեաց հայոց» պատմա–գեղարուեստական ստեղծագործութիւնը։ Հայ ժողովուրդի հերոսական անցեալի օրինակով ան երիտասարդ սերունդին սորվեցուցած է սիրել հայրենիքը, չխնայել կեանքը անոր փրկութեան համար («Կարմիրն Վարդան»), գնահատած ու պահպանած է ժողովուրդի մշակոյթը («Աբգար Դպիր»)։

Տիրապետելով եւրոպական ու ասիական բազմաթիւ լեզուներու՝ Ալիշան կատարած է շարք մը թարգմանութիւններ։ Ան եղած է հայ ժողովրդական բանարուեստի առաջին գնահատողներէն եւ բանահաւաք–ուսումնասիրողներէն։ «Հայոց երգք ռամկականք»(1852) ժողովածուն մեր գիտական բանագիտութեան առաջին աշխատութիւններէն է։

Կոչ ընելով հայութեան «զէնքն ի ձեռին» ազատագրել հայրենիքը, պայքարով ձեռք բերած սեփական ազատութիւնն ու անկախութիւնը՝ Ալիշան, սակայն, ապագայ Հայաստանի հասարակական–քաղաքական կառուցուածքը պատկերացուցած է որպէս լուսաւորեալ միապետութիւն («Յուշիկք…»–ի «Ըսկիզբն տարւոյ եւ մարդկութեան ի Հայս», «Աշոտ Ա եւ Հայաստան հազար տարի առաջ» գլուխները)։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին