Կիրակի, 15. 06. 2025

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Թըրք Վան Լէյք

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Թըրք Վան Լէյք, իսկական անունը՝ Վանիկ Յովսէփեան  (15 Յունիս, 1918, Պոսթըն)- (1 Սեպտեմբեր, 2002 Նիւ Եորք)   Ամերիկահայ երաժշտահան, գործիքաւորող եւ ճազային կիթառիստ:

Վանիկ Յովսէփեան ծնած է թուրքիայէն Պոսթըն փախած հայկական ընտանիքի մէջ։ Ընտանիքով տեղափոխուուած է Նիւ Եորք, ուր երաժշտական կրթութիւն ստացած է Թոթընուիլի բարձրագոյն դպրոցէն, Օթթօ Սէզանի ղեկավարութեամբ հարմոնիքա ուսումնասիրած է։ Երաժշտանոցը աւարտելէն ետք հետաքրքրուած է ճազով: Ճազային երաժշտական ասպարէզ մուտք գործած է՝ նուագելով  Չիք Ուեպի նուագախումբի հետ։ Կիթառ նուագած է, 19 տարեկանին կատարուած է անոր գործիքաւորած երաժշտութիւնը։ 1940-ական թուականներուն նուագած է բազմաթիւ ճազ խումբերու հետ։ 1954 թուականին ստեղծած է իր ճազ-քառեակը։ Անոր գործիքաւորումները կատարած են Քաունթ Պէյսին, Լայոնել Հեմփթընը եւ Պենի Կուտմանը։ Նուագած է Չառլի Պարնեթի, Լայոնել Համփթընի, Պատի Ռիչի, Սառա Վոկանի եւ Կուտմանի հանրայայտ նուագախումբի հետ։

Մինչեւ 1993 թուական Վանիկ Յովսէփեանը դասաւանդած է Սթէյթն Այլանտի քոլէճի մէջ (անգլ.՝ College of Staten Island)։ Շարք մը գիրքերու հեղինակ է, երաժշտական «Մեթրոնոմ» ամսագրի մէջ յօդուածներու շարքի հեղինակ է, այնտեղ գրած է ճազի մէջ կիթառի դերի մասին։ Ստեղծագործած է դասական ոճի մէջ, իր իսկական անունով։

Մահացած է Նիւ Եորքի Սթէյթըն Այլանտ ծերանոցի մէջ։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին