Կիրակի, 15. 06. 2025

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Հարիէթ Պիչըր Սթոու

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Հարիէթ Պիչըր Սթոու (Յունիս 14, 1811, ԱՄՆ)-(1 Յուլիս, 1896, ԱՄՆ) Ամերիկեան գրող, «Քեռի Թոմի խրճիթը» (Uncle Tom’s Cabin, 1852) յայտնի վէպի հեղինակ (թարգմանուած է բազմաթիւ լեզուներու, նաեւ հայերէն)։

Հարիէթ Պիչըր Սթոուն ծնած է աստուածաբան եւ քարոզիչ Լայման Պիչըրի ընտանիքի մէջ: Անոր կրտսեր եղբայրը՝ Հենրի Ուորտ Պիչըրը, նոյնպէս եղած է քարոզիչ: Երկար ժամանակ ապագայ գրողը՝ որպէս ուսուցիչ, աշխատած է իր քրոջ հիմնադրած իգական դպրոցի մէջ:

Իր գրական ստեղծագործութիւններու մէջ Հարիէթ Պիչըր-Սթոուն հանդէս եկած է որպէս կանանց կրթութեան իրաւունքի պաշտպան եւ ստրկատիրութեան վերացման կողմնակից: 1852 թուականին հրատարակուած է անոր ամենայայտնի վէպը՝ «Քեռի Թոմի խրճիթը», որ ստրկատիրութիւնը մերկացնող ամենացնցող փաստաթուղթերէն է: Առաջին տարուան ընթացքին ԱՄՆ-ի մէջ վաճառուած է գիրքի 350000, իսկ ամբողջ աշխարհի մէջ՝ 600000 օրինակ: Անգլիոյ մէջ անիկա հրատարակուած է 35, ԽՍՀՄ-ի մէջ՝ 59 անգամ, թարգմանուած է 21 լեզուներով, հրատարակուած 2 միլիոնէ աւելի ընդհանուր տպաքանակով։ Վէպի հիման վրայ նկարահանուած են ֆիլմեր։ Ի պատասխան ստրկատէրերու ու անոնց ընկերներու կողմէն հնչած մեղադրանքներուն՝ Հարիէթ Պիչըր-Սթոուն 1853 թուականին կը հրատարակէ «Քեռի Թոմի խրճիթի բանալին» («Key to uncle Tom’s Cabin») վէպը, ուր ապացուցած է, որ վէպը վերցուած է իրական կեանքէն:

Պիչըր-Սթոուի բանաստեղծութիւնները գլխաւորաբար կրօնական են: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին