«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թոմաս Եունկ (13 Յունիս, 1773 Անգլիա)-( 10 Մայիս, 1829 Անգլիա):
Անգլիացի ականաւոր բազմաբնոյթ գիտնական, բնագէտ (լոյսի ալիքային տեսութեան ստեղծողներէն, մեքենական ուժանիւթի եզրոյթներու ներմուծողը), բժիշկ, աստղագէտ, բանասէր եւ արեւելագէտ (ներմուծած է հնդեւրոպական լեզուներ հասկացողութիւնը): Տիրապետած է 13 լեզուներու։ Եղած է լոնտոնի թագաւորական ընկերութեան արտասահմանեան նամակագրութեան գիտական քարտուղարը (1804-1829), 1801-1803 թուականներուն՝ Լոնտոնի թագաւորական համալսարանի փրոֆեսըր։
Ֆրանսական գիտութիւններու կաճառի (1827) եւ շուէտական գիտութիւններու թագաւորական կաճառի (1828) անդամ։
Զբաղած է եգիպտագիտութեամբ եւ հնագոյն եգիպտական հիրոկլիֆներու վերծանութեամբ։ Անգլախօս աշխարհի մէջ Եունկը կը համարուի եգիպտական գիրի վերծանողը։
Կենսաբան Է. Ռոպինսընը անոր որակած է «վերջին մարդը, որ գիտէր ամէն ինչ»՝ լայն մտահորիզոն ունենալու եւ գիտութեան մէջ մեծ աւանդ ունենալու համար։