ԽԱՉԻԿ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
(1960)
«Քաղաք»
Խաչիկ Աբրահամեան
(15 Յունուար 1960, Երեւան)
1990 թուականին աւարտած է Երեւանի գեղարուեստա-թատերական հիմնարկը: 1990 թուականէն Հայ նկարիչներու կեդրոնի նախագահն է, 1992 թուականէն՝ Հայաստանի նկարիչներու միութեան անդամ, 1994 թուականէն՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի նկարիչներու միջազգային ընկերակցութեան անդամ, 1995 թուականէն՝ Ռուսաստանի նկարիչներու միջազգային դաշնութեան անդամ, 2011 թուականէն՝ Մոսկուայի նկարիչներու միութեան անդամ:
Աբրահամեանի աշխատանքները կը գտնուին Հայաստանի եւ աշխարհի տարբեր թանգարաններու եւ մասնաւոր հաւաքածուներու մէջ: