Չորեքշաբթի, 13. 11. 2024

spot_img

Նամականի

Յարգելի խմբագիր,

Սրտի գոհունակութեամբ առցանց կ՛ընթերցեմ «Զարթօնք» օրաթերթը, որուն վերջին լուրերուն մէջ կարդացի ձեր աշխատակազմին Ամենայն Հայոց Վեհափառին այցելութեան մասին, որ ոգեւորեց զիս: Շատ հետաքրքրական էր երբ նոյն միջոցին պատահականօրէն կարդացի դարձեալ առցանց զետեղուած  «Զարթօնք»-ի 1937-ի Ա. թիւը, որուն մէջ նշմարեցի  հօրս՝ Հրանդ Ժամկոչեանի խանութին հետ կապուած ծանուցագիր մը: Այս յայտնաբերումը անհունօրէն ուրախացուց զիս։

Չմոռնամ ըսելու, որ մեծ վայելք մը եղաւ «Զարթօնք»-ի այդ առաջին թիւը ծայրէ ծայր կարդալը։

Շնորհակալութիւն եւ վարձքերնիդ կատար:

ԼԵՒՈՆ ԺԱՄԿՈՉԵԱՆ

Մերիլանտ, ԱՄՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին