«Արմիս» Երգչախումբը, որ կը վայելէ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան եւ իր Նախագահին՝ Վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեանի հովանաւորութիւնը, չորս տարուան դադարէ մը ետք, բեմ բարձրացաւ իր առանձին համերգին համար։Հոծ բազմութեան մը ներկայութեան «Արմիս» Երգչախումբի համերգը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 2 Յունիս 2019-ին, Պէյրութի Հայ Աւետարանական ԱռաջինԵկեղեցիին մէջ, խմբավարութեամբ Վերապատուելի Նշան Պագալեանի, եւ դաշնամուրի նուագակցութեամբ Պրն. Հէնրի Իշխանեանի:
Մէկ ժամ տեւողութեամբ յայտագիրը կ՚ընդգրկէր հայկական թէ օտար հոգեւոր երաժշտութիւն, ինչպէս նաեւ հայկական ժողովրդական եւ հայրենասիրական երգեր։ Երգչախումբը Միսիրեանի («Արմիս» գրչանունով) յօրինած «Աղօթք Տէրունական»ը երգելէն ետք, իր բացման խօսքին մէջ Խմբավարը նշեց թէ յայտագիրը կը բովանդակէ այլ երգերու կողքին, հայ մշակոյթի երկու մեծանուն դէմքերուն, Կոմիտասի եւ Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակներուն նուիրուած երգեր։
Լեզուաբան եւ միսիոնար Էլիաս Րիկզի հայերէնի թարգմանած «Տէր, Հիմա Մեր Փրկչին» հոգեւոր երգով շարունակուեցաւ յայտագիրը, որմէ ետք երգչախումբը երգեց Կոմիտասի «Քրիստոս ի մէջ»ը։ Ետքը ներկայացուեցաւ Կոմիտասի ժողովրդական «Ալագեազ – Խնկի Ծառ» երգերը, որունմիացաւ թաւջութակով Շուշան Արթինեանը։ Յատկանշական էր որ երգին բոլոր տուները երգուեցան, ոչ թէ ինչպէս սովորաբար առաջին երկու տուները միայն կը կատարուին։ Իսկ Գրիգոր Սիւնիի «Օ՜յ, Նազան Իմ» երգեցողութեան միացաւ Կարին Հայտօսթեան ջութակի վրայ։ Ամբողջացնելու համար ժողովրդական երգերու բաժինը խումբը երգեց յունահայ խմբավար Յ. Փափազեանի յօրինած «Մայիսի Գիշեր»ը։
Ոչ-հայկականհոգեւոր գործերէն «Արմիս»ը անգլերէնով երգեց Հանտելի «Յաւիտեան օրհնեալ է ան», Ամերիկեան սեւամորթներու երգ «Տէրս չփրկե՞ց Դանիէլը» եւ Ուայթի «Աստուծոյ խաղաղութիւնը»։
Թումանեանի խօսքերով ընթացաւ յայտագիրը՝ անոր գրիչէն «Քառեակներ» ասմունքեց Տիկ. Ռոզին Քէլուկեան։ Թումանեանէն իր ընտրած քառեակները ,միահիւսուած էինԿոմիտասեան եղանակներով, Յակոբ Քէլուկեանի դուդուկի նուագով։
Ամբողջացնելու համար յայտագիրը, «Արմիս»ը երգեց Ալան Յովհաննէսի «Վասպուրական»ը, եւ Յարութիւնեանի յօրինումով՝ Թումանեանի «Հայրենիքիս Հետ»ը, որուն ընթացքին Յակոբ Քէլուկեան եւ Զարմինէ Պետրոսեան մեներգեցին։
Յայտագրի աւարտին համոյթը վայելեց ժողովուրդին ջերմ յոտնկայս ծափողջոյնը եւ բարձր գնահատանքը։
Պատրաստուած գրքոյկին մէջ յայտագիրին կողքինկարեւոր տուեալներ գրուած էինիւրաքանչիւր մատուցուած երգի յօրինողին եւ բառերուհեղինակին մասին։
Հայ Աւետարանական «Արմիս» երգչախումբի 32 կամաւոր երգողներու պարտաճանաչ աշխատանքը եւ գործին նկատմամբ ունեցած հաւատքը տուաւ իր գեղեցիկ եւ քաջալերական արդիւնքը:Ներկաները Եկեղեցիէն հեռացան այն ակնկալիքով որ «Արմիս»ը տարեկան համերգով պիտի շարունակէգաղութի մշակութային-հոգեւոր կեանքին յատուկ փայլք տալ: