«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թոմաս Հարտի անգլիացի ականաւոր վիպասան եւ բանաստեղծ (2, Յունիս,1840, Անգլիա)-(11, Յունուար, 1928, Անգլիա) Կրթութեամբ ճարտարապետ է, անգլիական խոշոր համալսարաններու գիտութիւններու պատուաւոր դոկտոր։
1871-1897 թուականներուն հրատարակած է 14 վէպ, որոնց շարքին են.
«Կանաչ ծառի տակ» (1872), «Խելայեղ ամբոխէն հեռու» (1874), «Վերադարձ դէպի հայրենիք» (1878), «Անտառներու բնակիչները» (1876), «Անտարբերը» (1881), «Երկնագոյն աչքեր» (1873), «Սիրելին» (1892)։
Հրատարակած է պատմուածքներու 4 եւ բանաստեղծական 8 ժողովածու։
Հարտին նորագոյն ժամանակներու քնարական մեծ բանաստեղծներէն է։ Ան պատմութեան իր փիլիսոփայութիւնը արտայայտած է Տայնասց (մաս 1-3, 1903-08) էպիքական չափածոյ թատերգութեան մէջ, որուն թեման Նափոլէոնեան պատերազմներու ժամանակուայ Եւրոպան է։ Հարտիի չափածոն արտառոց խոր է ու սքանչելի։ Կը գրէր դասական, բայց ըսելիքի կառուցուածքն ու դասաւորութիւնը «բանաձեւերու» անսպասելիութիւնն ու խորութիւնը այնքան արտառոց էին, որ Հարտիին համաշխարհային փառք բերին։