Կիրակի, 15. 06. 2025

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Լուսինէ Զաքարեան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լուսինէ Զաքարեան (1, Յունիս, 1937 Ախալցխա, Ջաւախք)-( 30,  Դեկտեմբեր, 1992 Երեւան) Երգչուհի, Կոմիտասի, հայ հոգեւոր երգերու եւ տաղերու կատարող։ Ժողովուրդի կողմէ շատ սիրուած երգչուհիի աճիւնը կը գտնուի Էջմիածին քաղաքի Սր. Գայեանէ եկեղեցւոյ բակի գերեզմանատան մէջ։

Լուսինէ Զաքարեան 15 տարի ծննդավայրին մէջ ապրելէն ետք, 1952 թուականին իր ընտանիքի հետ տեղափոխուած է Երեւան, յաճախած է Ռոմանոս Մելիքեանի անուան երաժշտական ուսումնարանը: 1957 թուականին ընդունուած է Երեւանի պետական երաժշտանոցը: Այդ տարիներուն անոր տաղանդը արդէն բացայայտ էր։ Լուսինէ Զաքարեանը կը սերի երաժիշտներու գերդաստանէ։ Մօրական կողմէն մեծ հայրը՝ Իոսիֆ Տոմաշեւիչը (ծագումով լեհահայ) եղած է Ս. Փեթերպուրկի կայսերական օփերային թատրոնի մեներգիչ, ձայնային հարուստ տուեալներով օժտուած, ան իր ձայնը մշակած էր Իտալիոյ մէջ։ Մեծ մայրը՝ Ելենա Տոմաշեւսկայան, դաշնակահարուհի էր։

1970-1983 թուականներուն եղած է Հայաստանի Ազգային հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի սիմֆոնիք նուագախումբի մեներգչուհի։ Այդ ընթացքին երգած է նաեւ Էջմիածինի Մայր տաճարի երգչախումբէն։ Գերազանց կատարած է ինչպէս արեւմտաեւրոպական ստեղծագործութիւններ, այնպէս ալ՝ հայկական ժողովրդական եւ հոգեւոր երաժշտութիւն։ Դեռ խորհրդային տարիներուն, երբ կ’արգիլուէին բազմաթիւ երաժշտական ոճեր, ինչպէս նաեւ հոգեւոր երաժշտութիւնը, ան համարձակութիւն ունեցած է հայկական հոգեւոր երաժշտութիւնը բարձրացնել բեմ։

1972 թուականին արժանացած է ՀԽՍՀ ժողովրդական արուեստագէտի կոչման:

Բազմաթիւ համերգներ ունեցած է աշխարհի տարբեր երկրներու մէջ, ուր փառքով ներկայացուցած է Կոմիտասը, հայ ժողովրդական երգերը, տաղերը եւ շարականները։ Պարբերաբար համերգներ տուած է աշխարհահռչակ երգեհոնահար պերճ Ժամկոչեանի հետ։ Լուսինէի համար Առնօ Պապաճանեանը գրած է իր «Վոկալիզը»: Անոր բանաստեղծութիւններ ձօնած են Սիլվա Կապուտիկեանը, Վահագն Դաւթեանը, Արշալոյս Մարգարեանը, ինչպէս նաեւ օտար բանաստեղծներներ։ Շնորհիւ հոգեթով ձայնի, Լուսինէ Զաքարեանի ձայնագրութիւնները մտած են համաշխարհային երաժշտութեան ձայնադարան։

Լուսինէ Զաքարեանը մահացած է ծանր հիւանդութեան հետեւանքով:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին