«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լուսինէ Զաքարեան (1, Յունիս, 1937 Ախալցխա, Ջաւախք)-( 30, Դեկտեմբեր, 1992 Երեւան) Երգչուհի, Կոմիտասի, հայ հոգեւոր երգերու եւ տաղերու կատարող։ Ժողովուրդի կողմէ շատ սիրուած երգչուհիի աճիւնը կը գտնուի Էջմիածին քաղաքի Սր. Գայեանէ եկեղեցւոյ բակի գերեզմանատան մէջ։
Լուսինէ Զաքարեան 15 տարի ծննդավայրին մէջ ապրելէն ետք, 1952 թուականին իր ընտանիքի հետ տեղափոխուած է Երեւան, յաճախած է Ռոմանոս Մելիքեանի անուան երաժշտական ուսումնարանը: 1957 թուականին ընդունուած է Երեւանի պետական երաժշտանոցը: Այդ տարիներուն անոր տաղանդը արդէն բացայայտ էր։ Լուսինէ Զաքարեանը կը սերի երաժիշտներու գերդաստանէ։ Մօրական կողմէն մեծ հայրը՝ Իոսիֆ Տոմաշեւիչը (ծագումով լեհահայ) եղած է Ս. Փեթերպուրկի կայսերական օփերային թատրոնի մեներգիչ, ձայնային հարուստ տուեալներով օժտուած, ան իր ձայնը մշակած էր Իտալիոյ մէջ։ Մեծ մայրը՝ Ելենա Տոմաշեւսկայան, դաշնակահարուհի էր։
1970-1983 թուականներուն եղած է Հայաստանի Ազգային հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի սիմֆոնիք նուագախումբի մեներգչուհի։ Այդ ընթացքին երգած է նաեւ Էջմիածինի Մայր տաճարի երգչախումբէն։ Գերազանց կատարած է ինչպէս արեւմտաեւրոպական ստեղծագործութիւններ, այնպէս ալ՝ հայկական ժողովրդական եւ հոգեւոր երաժշտութիւն։ Դեռ խորհրդային տարիներուն, երբ կ’արգիլուէին բազմաթիւ երաժշտական ոճեր, ինչպէս նաեւ հոգեւոր երաժշտութիւնը, ան համարձակութիւն ունեցած է հայկական հոգեւոր երաժշտութիւնը բարձրացնել բեմ։
1972 թուականին արժանացած է ՀԽՍՀ ժողովրդական արուեստագէտի կոչման:
Բազմաթիւ համերգներ ունեցած է աշխարհի տարբեր երկրներու մէջ, ուր փառքով ներկայացուցած է Կոմիտասը, հայ ժողովրդական երգերը, տաղերը եւ շարականները։ Պարբերաբար համերգներ տուած է աշխարհահռչակ երգեհոնահար պերճ Ժամկոչեանի հետ։ Լուսինէի համար Առնօ Պապաճանեանը գրած է իր «Վոկալիզը»: Անոր բանաստեղծութիւններ ձօնած են Սիլվա Կապուտիկեանը, Վահագն Դաւթեանը, Արշալոյս Մարգարեանը, ինչպէս նաեւ օտար բանաստեղծներներ։ Շնորհիւ հոգեթով ձայնի, Լուսինէ Զաքարեանի ձայնագրութիւնները մտած են համաշխարհային երաժշտութեան ձայնադարան։
Լուսինէ Զաքարեանը մահացած է ծանր հիւանդութեան հետեւանքով: