ԼՈՒՍԻԿ ԱԳՈՒԼԵՑԻ (1947 – 2018) «Մոնմարթըր» Լուսիկ Ագուլեցի-Սամուէլեան (31, Մայիս,1947, Ագուլիս, Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւն)-(13, Յուլիս, 2018 Երեւան) Նկարչուհի, ազգագրագէտ, ՀՀ մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ (2014 թ.):
1953 թուականին ընտանիքով տեղափոխուած են Երեւան։
1963-1967 թուականներուն յաճախած է Երեւանի Փանոս Թերլեմեզեանի անուան գեղարուեստի ուսումնարան։
1966 թուականին՝ ուսումնառութեան տարիներուն արժանացած է «Աւանգարդ» թերթի յատուկ մրցանակի։
1974 թուականին դարձած է Հայաստանի նկարիչներու միութեան անդամ։
Լուսիկ Ագուլեցիի կտաւները կը գտնուին Հայաստանի եւ արտերկրի թանգարաններու մասնաւոր հաւաքածուներ մէջ։