Շաբաթ, 14. 06. 2025

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Հիւ Կրիֆիթ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Հիւ Կրիֆիթ  (30, Մայիս, 1912, Մերիէն Կլես)- (14, Մայիս, 1980, Լոնտոն) Թատրոնի եւ շարժապատկերի բրիտանացի դերասան, օսքարի դափնեկիր։

Հիւ Էմրիս Կրիֆիթ աւարտած է հարազատ քաղաքի միջնակարգ դպրոցը։ Համալսարան չէ ընդունուած, անգլերէն լեզուի քննութիւնը յանձնել չկարենալու պատճառով։

Նախ  աշխատանքի կ’ընդունուի դրամատան մէջ, յետոյ կը տեղափոխոուի Լոնտոն։ Սակայն շուտով կը ձգէ դրամատնային գործը եւ կ’ընդունուի թատերական արուեստի թագաւորական կաճառ, որուն զուգահեռ կ’աշխատի թատրոնէն ներս։ Ուսումը կիսատ կը մնայ, ան երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն բրիտանական զինուած ուժերու կազմին մէջ կը ծառայէ Հնդկաստանի եւ Պիրմայի մէջ։ Պատերազմէն ետք սկսած 1947 թուականէն դարձեալ կը վերադառնայ թատրոն։

Թատրոնէն ետք ան կը սկսի նկարահանուիլ բրիտանական ֆիլմերու մէջ, իսկ 1950-ական թուականներէն սկսեալ կը նկարահանուի Հոլիուտի մէջ։

1980 թուականին կը ստանայ Ուելսի Բանգորսկեան համալասարանի պատուաւոր գիտնականի կոչում։ Հիւ Կրիֆիթը մահացած է սրտի կաթուածի հետեւանքով։

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին