Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

Մասնակից Եղէք Առաջաւոր Երկրին Վայել Արժէքներ Ստեղծելուն. ՀՀ Նախագահի Շնորհաւորական Ուղերձը Վերջին Զանգի Առիթով

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Վերջին զանգի առիթով: ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ նախագահը ընդգծած է, որ երիտասարդները պէտք է դարձնեն Հայաստանը աւելի մրցունակ եւ աւելի բարեկեցիկ երկիր:

«Սիրելի՛ շրջանաւարտներ, այսօր դուք կ՝աւարտէք դպրոցը: Ձեր աչքերուն մէջ յուզմունք ու ոգեւորութիւն կայ, անհամբերութիւն եւ առաջ շարժելու վճռականութիւն: Պահ մը կը թուի, թէ կ՝ելլէք բաց տիեզերք, ուր ազատութիւնը անչափելի է, իսկ անսահմանութիւնը՝ անծայրածիր: Բայց, միեւնոյն ժամանակ, բոլորդ շատ լաւ կը հասկնաք, որ կը շարունակէք քալել կեանքի ճանապարհով, ուր ձեզի կը սպասեն բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, փորձութիւններ եւ հնարաւորութիւններ: Դպրոցը այդ ճանապարհի կարեւորագոյն հանգրուանն է: Կեանքի այդ յիշարժան հատուածը դուք անցած էք ինքնահաստատուելով ու սորվելով, սիրելով ու երազելով, աչքի առաջ ունենալով ձեր վաղուան օրը, վաղուան աշխատանքը, վաղուան ընտանիքը, վաղուան հայրենիքը: Այսօր դուք հասած էք կէտի մը, որմէ սկսեալ՝ աւելի գործնական պէտք է մասնակցիք այդ բոլորի կերտման՝ մտածելով, ստեղծելով, աշխատելով»,- ըսած է ՀՀ նախագահը:

Արմէն Սարգսեան ընդգծած է, որ մրցակցութենէն դուրս չմնալու համար անհրաժեշտ է անդադար կրթուիլ, զինուիլ գիտելիքներով:

«Աշխարհը արագօրէն կը փոփոխուի՝ նաեւ ձեր միջամտութեամբ ու ձեր շնորհիւ: Մրցակցութենէն դուրս չմնալու համար անհրաժեշտ է անդադար կրթուիլ, զինուիլ գիտելիքներով, զարգացնել երեւակայութիւնը, առաջարկել գաղափարներ, զանոնք իրագործել, անհրաժեշտ է խիզախել, ոգեւորուիլ ու յաղթել: Դուք կնա՛ք եւ պէ՛տք է դարձնէք Հայաստանը աւելի մրցունակ եւ աւելի բարեկեցիկ երկիր: Մեծ է ձեր ուսուցիչներու եւ ծնողներու ներդրումը,եւ դուք պէտք է անպայման մասնակից դառնաք առաջաւոր երկրին վայել արժէքներ ստեղծելուն: Այսօր հնչող զանգը ձեզի կոչում է նոր մեկնարկի ու թռիչքի: Վստահ եղէք՝ ձեր մտքի եւ հոգիի թռիչքը կրնա՛ք վերածել նիւթեղէն ու հոգեւոր հզօր արժէքներու, որոնք կը ծառայեն մեր հայրենիքին, ժողովուրդին, ամբողջ մարդկութեան: Կը մաղթեմ ձեզի առողջութիւն, անսահման երեւակայութիւն եւ յաջողութիւն, սէր ու երջանկութիւն»,- նշած է նախագահը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին