Կիրակի, 16. 02. 2025

spot_img

Քոչարեանի եւ Միւսներու Գործին Վերաբերեալ Դատարանի Դիմումը ՍԴ-ի Նախնական Ուսումնասիրութեան Փուլին է

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ միւսներու գործին վարոյթը կասեցնելու եւ Սահմանադրական դատարան ուղարկելու որոշման դիմումը նախնական ուսումնասիրութեան փուլին է: Այս մասին տեղեկութիւնը հրապարակուած է Սահմանադրական դատարանի Facebook-ի էջին:

«Ի պատասխան շարք մը հարցումներու ՀՀ Սահմանադրական դատարանը կը յայտնէ, որ Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դիմումը՝ «Սահմանադրական դատարան դիմելու եւ գործի վարոյթը կասեցնելու մասին» 2019 թուականի Մայիս 20-ի որոշումը (ԵԴ/0253/01/19 քրէական գործով), ՀՀ Սահմանադրական դատարան մուտքագրուած է 2019 թուականի Մայիս 20-ին, օրուան երկրորդ կիսուն։ Դիմումը կը գտնուի նախնական ուսումնասիրութեան փուլին։ Դիմումին նախնական ուսումնասիրութիւնը կ՝իրականացուի Սահմանադրական դատարանի աշխատակարգով սահմանուած կարգով եւ ժամկէտներուն մէջ»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի, ՀՀ նախկին փոխվարչապետ Արմէն Գէորգեանի, ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեանի եւ ՀԱՊԿ նախկին գլխաւոր քարտուղար Եուրի Խաչատուրովի վերաբերեալ գործի վարոյթը դատարանի որոշումով կասեցուած եւ ուղարկուած է Սահմանադրական դատարան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին