Շաբաթ, 15. 02. 2025

spot_img

Մեծ Եղեռնին նուիրուած ձեռնարկներ

Միշիկընի ՀԲԸՄ-ի Ալեք եւ Մարի Մանուկեան վարժարան

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ. Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս մեծ շուքով ու զանազան միջոցառումներով վարժարանէս ներս նշուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցը: Անցեալ տարի մօտ քառասուն երկրորդականի աշակերտներ, Ապրիլ 24-ին իրենց հայրենի քոյրերուն ու եղբայրներուն հետ քալեր էին դէպի Ծիծեռնակաբերդ, յարգանքի իրենց տուրքը մատուցելու անմեղ զոհերու յիշատակին: Այս տարի, դպրոցի տնօրէնութիւնն ու հայկական բաժանմունքը յարմար գտեր էին Ապրիլ 23-ին եւ 24-ին համապատասխան միջոցառումներով նշել հայոց պատմութեան մեծագոյն ողբերգութեան յիշատակը:

Միջոցառումները սկիզբ առին Երեքշաբթի, Ապրիլ 23-ի կէսօրին, երբ երկրորդականի աշակերտներուն սպասարկուեցաւ արդէն աւանդական դարձած մատաղը: Կէսօրէ ետք միջնակարգի ու երկրորդականի աւելի քան 250 աշակերտներ իրենց ուսուցիչներով, Կոմիտասի հոգեպարար երաժշտութեան ներքոյ հաւաքուեցան վարժարանիս հանդիսասրահը: Այդ օր, աւարտական դասարանի աշակերտները իրենց դաստիարակ ու Հայկական բաժանմունքի պատասխանատու Պրն. Սեպուհ Աւետիքեանի հսկողութեամբ պիտի ներկայացնէին յիշատակի հանդիսութիւնը:

Բացարձակ մթութեան մէջ եւ միայն ելեկտրական 15 մոմերու լոյսով լուսաւորուած աւարտականները բեմ բարձրացան եկեղեցական զանգակներու հնչիւններու ներքոյ: Անոնք զետեղելով 15 մոմերն ու ծաղիկները պաստառին վրայ ցուցադրուող Երեւանի Մեծ Եղեռնի յուշարձանին ներքեւ, արտասանեցին հատուած մը Պարոյր Սեւակի «Անլռելի զանգակատուն» ստեղծագործութենէն: Սքանչելի զուգորդութեամբ մը անոնք հայ ժողովուրդին վերապրելու կամքը արտայայտեցին արտասանելով Ներսէս Շնորհալիի Յարութեան վերաբերող երաժշտական գործը՝ «Նոր ծաղիկ պայծառ ցուցաւ, այսօր ի նոր գերեզմանէն: Երեւեալ լոյս յարութեան, աւետիս»:

Այս ներկայացման հետեւեցաւ չորս աւարտականներ՝ Ռազմիկ Վարդանեանի, Նարօտ Քիվանեանի, Մէրի Ռօզ Ազարի եւ Տարինա Կոփչենքոյի հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով Պարոյր Սեւակի «Իմ ժողովրդին» արտասանութիւնը.

Դու այնպիսի կրակ էիր, այնպիսի հուր…

Որ չի մարում օտար հողմից, այլ արծարծւում

Եւ աւերիչ հրդեհի պէս չի տարածւում… 

Ահա այդ հայկական կեանքի կրակն ու հուրը փոխանցեց աւարտականի աղջիկներու պարախումբը, ներկայացնելով Ալեքսանտր Սպենդիարեանի «Էնզելի» պարը: Ինչպէս միշտ, Եղեռնի ձեռնարկներուն, Մանուկեանի աշակերտները կը սիրեն յիշել եւ գնահատել այն օտար գործիչներուն մարդասիրական արարքները, որոնք փորձեր էին օգնել հայ ժողովուրդին այդ դժնդակ տարիներուն: Այս տարի անդրադարձ կատարուեցաւ հայ ժողովուրդի բարեկամ եւ հայ որբերու մայր հռչակուած Մարիա Ճէյքըպսընի կեանքին ու գործունէութեան:

Ապա Ռիմա Օրահան եւ Էնճելօ Դաւիթեանը ընթերցեցին թուրք հրապարակախօս Քեմալ Եալչինի անգլերէն թարգմանուած “You Rejoice My Heart» գիրքէն հատուածներ, ուր ան ներողութիւն կը խնդրէր կատարուած քստմնելի ոճրագործութեան համար: Միջոցառման աւարտին ցուցադրուեցաւ անցեալ տարուայ Թաւշեայ յեղափոխութենէն հատուածներ, որուն ականատեսը դարձեր էին նաեւ մեր աշակերտները: Հանդիսութիւնը փակուեցաւ ժրաջան տնօրէն Դոկտ. Յովսէփ Թորոսեանի յոյժ ուսանելի եզրափակիչ խօսքով:

***

Յաջորդ օրը, Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24-ին, Նախակրթարանի աշակերտները, դարձեալ աւանդութեան համաձայն, դպրոցի ետնամասի պարտէզին մէջ ծառատունկ իրականացուցին: Անոնք նոյնպէս յարգանքի իրենց տուրքը մատուցեցին այն օտար գործիչներուն, որոնք Եղեռնի ժամանակ ու անկէ ետք օգներ էին հայ ժողովուրդին:

Նոյն օրը առաւօտեան, 11-րդ եւ 12-րդ դասարաններու մօտ 90 աշակերտ-աշակերտուհիներ առաջնորդութեամբ տնօրէն Դոկտ. Յովսէփ Թորոսեանի եւ ուսուցիչ Սեպուհ Աւետիքեանի, ուղղուեցան դէպի Միշիկըն նահանգի մայրաքաղաք Լենսինկ: Անոնք նախ ներկայ գտնուեցան Միշիկըն նահանգի հայազգի նորընտիր ներկայացուցիչ (Representative) Մարի Մանուկեանի կազմակերպած յիշատակի հանդիսութեան, ուր խօսք առին Հայր Հրանդ Գէորգեան եւ յայտնի մտաւորական Հայկ Օշական: Ապա աշակերտները ուղղուեցան Միշիկընի խորհրդարան, ուր ներկայացուցիչ Մարի Մանուկեանի հետ շրջեցան զանազան սրահները: Անոնք մասնակցեցան նաեւ Մարի Մանուկեանի Մեծ Եղեռնը դատապարտող բանաձեւի Ներկայացուցիչներու Պալատի միաձայն ընդունման ընթացակարգին: Ի տես այս փաստին ու նաեւ այն գոհունակութեան, որ Միշիկընը ատենին պաշտօնապէս ընդունած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը, մեր աշակերտները հպարտօրէն վերադարձան դպրոց, խոստանալով շարունակել իրենց պահանջատիրութիւնը յանուն արդարութեան:

 

ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին