Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Լիտա Թադեւոսեան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –   Լիտա Թադեւոսեան (Մայիս 13, 1930), երկրաբանական գիտութիւններու թեկնածու (1958 թուականի Մայիս 22)։

1948 թուականին աւարտած է Երեւանի Նիկոլ Աղբալեանի անուան թիւ 20 միջնակարգ դպրոցը, 1953 թուականին՝ Երեւանի պետական համալսարանի երկրաբանական բաժանմունքը, 1958 թուականին՝ գերազանցութեամբ Մոսկուայի Լոմոնոսովի անուան պետական համալսարանը:

1958-1961 թուականներին եղած է ՀԽՍՀ Գիտութիւններու Կաճառի երկրաբանական գիտայետազօտական հիմնարկի կրտսեր գիտաշխատող,

1961-1963 թուականներուն՝ ՀԽՍՀ երկրաբանական վարչութեան երկրաֆիզիքական արշաւախումբի ղեկավար։

1963 թուականին մրցոյթով նշանակուած է Երեւանի պետական համալսարանի երկրաբանական բաժանմունքի դոցենտ։ 1958 թուականին Մոսկուայի պետական համալսարանի մէջ պաշտպանած է «Անդրկովկասի երկրակեղեւի խորքային կառուցուածքը» թեկնածուական ատենախօսութիւնը։

Զբաղած է ՀՀ տարածքի երկրաֆիզիքական դաշտերու առանձնայատկութիւններու ուսումնասիրութեամբ։

Հրատարակած է գիտական յօդուածներ։ Եղած է բարձրագոյն որակաւորման յանձնաժողովի գիտական աստիճաններ շնորհող խորհուրդի, Երեւանի պետական համալսարանի երկրաբանական բաժանմունքի գիտական խորհուրդի, մրցութային յանձնաժողովի, մեթոտական խորհուրդի անդամ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին