Երեքշաբթի, 18. 02. 2025

spot_img

Վեթերանները Կը Բողոքէին. Կառավարութիւնը Կը Գումարէր Պիւտճէի Վերաբերեալ 9-րդ Նիստը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Տասնեակ թոշակառու զինուորականներ Ուրբաթ առաւօտ բողոքի ելած էին ընդդէմ  Կառավարութեան կողմէ առաջարկուած պետական ​​միջոցներու ֆինանսաւորումը կրճատելուն, մինչ Կառավարութիւնը՝ 9-րդ նիստով մը՝ կը գումարէր 2019ի պիւտճէի նախագիծը։

Վեթերանները Ռիատ ալ Սոլհ հրապարակին մէջ՝ Վանկարկելով «անոնք բոլորը գող են», այրած են անիւներ եւ լրագրողներուն յայտնած, թէ հոտը աւելի շատ կրնայ ազդել նախարարներուն վրայ, քան իրենց ձայնը:

Յիշեցնենք, որ բողոքի շարժումը սկիզբ առած էր անցեալ Երեքշաբթի, երբ թոշակառու զինուորականները եւ անվտանգութեան աշխատակիցները արգելափակած էին «Պանք տիւ Լիպան»ի մուտքերը եւ Պէյրութի նաւահանգիստը՝ բողոքելով առաջարկուող պիւտճէէն, որ պիտի ազդէ իրենց կենսաթոշակային աշխատավարձին կամ ծառայութեան վերջնական նպաստներուն վրայ:

Շաբթուան սկիզբը գումարուած Կառավարութեան նիստէն ետք՝ պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ յայտարարած էր, թէ բոլոր նախարարները համաձայնած են, որ վեթերաններու համար նախատեսուած միջոցներէն պէտք չէ կրճատուին։ Այդ միջոցները կը ներառեն անոնց ծառայութեան ժամանակ հաշուեգրուած ծախսերուն հատուցումները:

Այնուամենայնիւ, տեղեկատւութեան նախարար Ժամալ Ժարրահ, որ Կառավարութեան իւրաքանչիւր նիստէ ետք կը ծանուցէ արդիւնքներուն մասին, չէր հաստատած Պու Սաապի պահանջը, որուն իբրեւ արդիւնք, Ուրբաթ օր, ցուցարարները պարզած են, որ իրենք չեն վստահիր ըսուածին:

Պաշտպանութեան նախարարը՝ կարճ ժամանակով այցելելով բողոքի մասնակիցներուն՝ փորձած էր համոզել, թէ ինքը լսած է անոնց պահանջները:

«Իւրաքանչիւր նիստէ ետք, ես կը հանդիպիմ ձեր հետ եւ կապի մէջ կը պահեմ ձեզ: Այսօր դուք փողոց պէտք չէր ելլէիք: Այս հարցով ես ձեր կողքին եմ»,- ըսած էր Պու Սաապ:

Ժամը 4-ի մօտ, վեթերանները աւարտած են բողոքը եւ յայտնած, որ պիտի քննարկեն իրենց յետագայ քայլեր:

Մինչ ցուցարարները ցրուած են, Կառավարութիւնը շարունակած է իր իններորդ նստաշրջանը, որ կեդրոնացած էր պիւտճէի վրայ: Ժարրահ յայտնած է, թէ քննարկումները պիտի շարունակուին Շաբաթ եւ Կիրակի օրերուն՝ մինչեւ պիւտճէի հաստատուիլն ու Խորհրդարան ուղարկուիլը:

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին