Շաբաթ, 05. 10. 2024

spot_img

Մոսկուայի Կարմիր Հրապարակին Մէջ Իրականացուեցաւ Յաղթանակի Շքերթը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայրենական մեծ պատերազմին յաղթանակի 74-ամեակի առիթով Մոսկուայի կամիր հրապարակին մէջ իրականացուեցաւ հանդիսաւոր շքերթ: Մեկնարկը տրուեցաւ աւանդական խօսքերով՝ «Ուշադրութիւն, կը խօսի եւ կը ցուցադրէ Մոսկուան: Լսեցէք եւ դիտեցէք Կարմիր հրապարակը: Ի նշանաւորումն 1941-1945 թուականներու Հայրենական մեծ պատերազմի յաղթանակի 74-ամեակի՝ Յաղթանակի շքերթ»։

Ինչպէս հաղորդէ «Արմէնփրես», աւանդոյթի համաձայն «Սրբազան պատերազմ» երգի հնչիւններու ներքոյ պատուոյ պահակի գումարտակի դրօշակակիր խումբը Կարմիր հրապարակ բերաւ Ռուսաստանի դրօշն ու յաղթանակի կարմիր դրօշակը, զոր մարտիկները ծածանած են Ռէյխստագի վրայ:

Կեդրոնական մասի մէջ նստած են Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը, վեթերաններ եւ միջոցառման հիւրեր։ ՇքերթԸ ընդունԱԾ է ՌԴ պաշտպանութեան նախարար, բանակի զօրավար Սերգէյ Շոյգուն, շքերթի հրամանատարն էր Ցամաքային զօրքերու գլխաւոր հրամանատար, բանակի զօրավար Օլէկ Սալիւկովը։

Այս տարի Յաղթանակի շքերթին մասնակցած է աւելի քանի 13 հազար զինծառայող, ներկայացուած է աւելի քան 130 միաւոր արդիական  սպառազինութիւն եւ ռազմական սարք։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին