Հովանաւորութեամբ՝ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմնին եւ կազմակերպութեամբ՝ «Զարթօնք»-ի տեղի կ’ունենայ «Հայ Իրականութիւնը Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանի Գրիչէն» գիրքի (կազմեց եւ ծանօթագրեց Պետրոս Թորոսեան) շնորհանդէսը, Հինգշաբթի 9 Մայիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին Թէքէեան Կեդրոնի «Հրաչեայ Սեդրակեան» հանդիսասրահին մէջ, Ժըմմէյզի, Պէյրութ:
Սոյն հանդիսութեան խօսք կ’առնեն՝ Սեւակ Յակոբեան (Ողջոյնի Խօսք), Պետրոս Թորոսեան (Հատորին Ծննդոցը), Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան (Առաջնորդն ու Միջավայրը), Տիկ. Մարլէն Սեդրակեան (Երախտիքի Խօսք), Յակոբ Գասարճեան (Փակման Խօսք):
Ձեռնարկի աւարտին տեղի պիտի ունենայ գինեձօն, գիրքի մակագրութիւն եւ հիւրասիրութիւն:
Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեան (Եոզկաթ, 1916 – Պէյրութ, 1997) եղած է յետ-եղեռնեան շրջանի սփիւռքահայ հեղինակաւոր ազգային-հասարակական գործիչ: Հիմնադիրներէն է Թէքէեան Մշակութային Միութեան (1947), Վահան Թէքէեան Վարժարանին (1951) ինչպէս նաեւ երկարամեայ ղեկավար՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան եւ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան: 1946-1948ին, ան նաեւ գլխաւորած է Լիբանանի եւ Սուրիոյ Ներգաղթի Կեդրոնական Կոմիտէն: