Շաբաթ, 08. 02. 2025

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Ալեքսանդր Յարութիւնի Աբելեան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Ալեքսանդր Յարութիւնի Աբելեան (Յունիս 5, 1858, շամախի, ռուսական կայսրութիւն – Մայիս 6, 1940), հայ թատերագիր, թատերական գործիչ։ Դերասան Յովհաննէս Աբելեանի եղբայրն է։ Աշխատակցած է «Մշակ», «Արձագանգ», «Տարազ», «Մուրճ» եւ այլ պարբերականներուն։ Ալեքսանդր Աբելեանի կատակերգութիւններն ու թատերախաղերը կ’արտացոլեն մանր արհեստաւոր խաւի կեանքն ու կենցաղը («Սարոտդ ճրագներ» (1903, Թիֆլիս, Ա. Քութաթելաձէի տպագրատուն), «Մկիճի հարսանիքը», «Նշանուածներ» (1911, Նոր Նախիջեւան, Մերովբէ Աւագեանի տպագրատուն)։ Թարգմանած է Վիքթոր Հիւկոյի «Մահապարտի վերջին օրը» (1887, Թիֆլիս, Յովհաննէս Մարտիրոսեանի տպագրատուն), «Քլոտ կէօ» (1886, Յովհաննէս Մարտիրոսեանի տպագրատուն) գործերը։

Ծնած է շամախի քաղաքի մէջ։ Սկզբնական կրթութիւնը ստացած է Շամախի հայկական դպրոցէն ներս։ 1872 թուական երկրաշարժէն ետք Աբելեաններու ընտանիքը կը տեղափոխուի Պաքու։ Այստեղ Աբելեան մի քանի արհեստաւորներու մօտ աշակերտելէն ետք, կը զբաղի փականագործութեամբ։ Միաժամանակ ան կը նուիրուի ինքնակրթութեան յամառ աշխատանքին, գրական ասպարէզ կը մտնէ «Մշակ»-ին աշխատակցելով, ապա կը գրէ «Տարազ»-ին, «Արօր»-ին եւ «Մուրճ»-ին։Մահացած է Մայիս 6-ին, Տոնի Ռոստով։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին