Թատերական Վերաքննութիւն
ՍԵՍԻԼ ՔԵՇԻՇԵԱՆ
Հրճուանքով ներկայ գտնուեցայ, երեք հիւրերու ընկերակցութեամբ, Թալին Պապայեանի ինքնատիպ եւ զմայլելի «Փեսադ Ո՞ւր է» զաւեշտին` Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Performing Arys Canter-ի սրահին մէջ, Փասատինա:
Ճշդուած ժամանակէն առաջ իսկ, բոլոր աթոռները գրաւուած էին եւ ինքնաշարժ շարելու տեղ մնացած չէր. անցեալին չտեսնուած երեւոյթ մը: Բազմաթիւ անձեր հարկադրուած էին վերադառնալ` տոմսերու չգոյութեան պատճառաւ: Սրահը բերնէ բերան լեցուն էր եւ այդ իսկ պատճառաւ իմ հիւրերուս հետ կարելի չեղաւ միատեղ նստիլ: Ազնիւ զոյգ մը՝ Արա եւ Սոնիա, իրենց աթոռները մեզի տրամադրեցին, մեծարելով «երէց քաղաքացիի» (Senior Citizen) մեր հանգամանքը:
Թալինը ոչ միայն հեղինակն էր այս կատակերգութեան, այլ նաեւ բեմադրիչն ու ղեկավարը եւ այս բոլորը` առանձին: Արեւելեան Միացեալ Նահանգներէն, ան հասակ առած է հայկական խորունկ արմատ ունեցող մտաւորական ընտանիքէ ներս: Ան մեզի հրամցուց մարգարիտի նման զմայլելի այս թատերախաղը որ կ՛արտացոլացնէ հայ ծնողաց մտայնութիւնը արտերկրի մէջ մեծցած իրենց զաւակներուն նկատմամբ` տենչալով անոնց ամուսնութիւնը հայու հետ, պահպանելու առաջադրութեամբ ազգային ինքնութիւնը:
Այս կատակերգութեան մէջ, Թալին զաւեշտական ոճով ցոյց կուտայ խնամիներուն փոխյարաբերութիւնները. ինչպէ՞ս մեծցնել թոռնիկները: Աւելին, իւրաքանչիւր կողմ կը պնդէ ի՛ր նախասիրութեան վրայ, բոլորովին արհամարհելով կարեւորագոյն անձին` հարսնցուին ցանկութիւնները:
Տակաւին, իւրաքանչիւր կողմ իր նախասիրութիւնները կը փորձէ պարտադրել` ինչ կը վերաբերի հարսանեկան զգեստին, երաժշտութեան եւ ամուսնութեան հետ առնչուած բազմաթիւ հարցերուն:
Այս աշխարհին մէջ մենք միայն կարիքը չունինք հայ հարսնցուներու: Կարիք ունինք նաեւ բժիշկներու, փաստաբաններու, երկրաչափներու, քաղաքագէտներու եւ արուեստագէտներու: Որովհետեւ արուեստագէտները կը ծառայեն իբրեւ դիտողներ, որոնք իրենց պատգամն ու նկատառումները կը փոխանցեն համայնքին: Այս առումով մենք շնորհապարտ ըլլալու ենք Թալինին, իր տաղանդին շնորհիւ մասնակցութիւնը բերած ըլլալով Լոս Անճելըսի հայութեան մշակութային կեանքին` մեծաշուք «Փեսադ Ո՞ւր է» գործով:
Ժամանակէ ժամանակ այս պատգամները կը փոխանցուին հանդիսականներուն` հեզասահ եւ շեշտակի կերպով, զաւեշտի միջոցաւ:
Յիրաւի, ստեղծագործական վիթխարի նախաձեռնութիւն մը յանձն առաւ Թալին վեց տարիներ առաջ, երբ մէկտեղեց տարբեր գաղութներու մէջ մեծցած 20 երիտասարդ հայեր Նիւ Եորքի մէջ առաջին անգամ ներկայացնելով «Փեսադ Ո՞ւր է» կատակերգութիւնը Նիւ Եորքի պատմական Greenwich Village-ի Rayers Theatre-ի մէջ, արձանագրելով աննախընթաց եւ փայլուն յաջողութիւն: Այս զաւեշտը կ՛արձագանգէ երիտասարդ սերունդին ձայնը:
Ինչ որ սկսաւ որպէս մէկ ներկայացում` շուտով ուռճացաւ եւ ծաւալեցաւ 18 ելոյթներու, Միացեալ Նահանգներու հայահոծ գաղութներու մէջ, ուր հազարաւոր հանդիսատեսներ ըմբոշխնեցին զաւեշտն ու հոն թաքնուած պատգամը:
Մեծապէս քաջալերուած խանդավառ ընդունելութենէն, «Փեսադ Ո՞ւր է» Բ. հատուած, զաւեշտը բեմադրուեցաւ Գոլոմպիա Համալսարանի հանրածանօթ Miller Theatre-ի մէջ 2017-ին, աւելի քան վեց հարիւր ներկաներու բարձր գնահատանքին արժանանալով: Հոս եւս իր սեփական ուժերով Թալին արտասահմանեան հայ ընտանիքի մը պատմութիւնը ներկայացուց, ծիծաղաշարժ պատկերներով, ուր առկայ էր ձուլումի դէմ պայքարը եւ շեշտը դրուած էր աւանդական արժէքները պահպանելու անհրաժեշտութեան վրայ:
Լիահագագ խնդուքի առընթեր, զաւեշտին մէջ առկայ է նաեւ իմաստ: Կը յուսամ որ իւրաքանչիւր հանդիսատես հաղորդակից դարձաւ խօսակցութեան, դերակատարի եւ տեսարանի մը հետ` զուգահեռ մը գտնելով իր կեանքին եւ վերաբերմունքին մէջ:
Շարունակական խնդուքը անյագ էր` անվերջ: Ամէն հանդիսական աներկբայօրէն վայելեց այս երեկոն:
Որքան նշանակալի է վարագոյրին առջեւ պատահածը, նոյնքան կարեւոր է վարագոյրին ետեւը տեղի ունեցածը: Այսպէս, երիտասարդ-երիտասարդուհիներ ծանօթացան իրարու, բարեկամութիւններ հաստատուեցան եւ ամուսնութիւններ կնքուեցան` հայ ընտանիք կազմելով: Մէկ խօսքով, վերաշխուժացաւ Արտասահմանի Հայ Թատերական Կեանքը` Նիւ Եորքէն Նիւ Ճըրզի, Ֆիլատելֆիա, Ուաշինկթըն եւ մինչեւ հոս` Փասատինա: Ես առանձնապէս բախտաւոր կը նկատեմ ինքզինքս Պէյրութի Հ.Բ.Ը.Միութեան Մշակութային Ակումբին մէջ հանդիպած եւ ամուսնացած ըլլալով իմ ամուսինիս հետ: Ակումբները, թատերական խումբերը եւ այլազան գործունէութիւնները լաւագոյն միջոցներ են հանդիպելու եւ ամուսնանալու ապագայ կեանքի ընկերոջ հետ:
Մեծցած ըլլալով Պէյրութի, Լիբանանի մէջ, մեր ծնողքները մեզ սնուցանեցին ծառայութեան ոգիով` յատկապէս հայ գաղութին: Որբերը Հայկական Ցեղասպանութեան, անոնք խորապէս ըմբռնած էին կարեւորութւնր պահելու եւ շարունակելու մեր պատմութիւնը, որ մէկ անգամէ աւելի շիջումի վտանգին դէմ-յանդիման գտնուած է:
Իմ քոյրերս եւ ես, մեր սեփական ճիգերով եւ միջոցներով, սատար հանդիսացած ենք կարգ մը ծրագիրներու, որոնք նշանակալի արձագանգ կ՛ունենան մեր համայնքէն ներս` Արտասահմանէն մինչեւ Մայր Հայրենիք:
Այն ինչ որ ես ականատես եղայ եւ ներքուստ ապրեցայ Կիրակի օր, յոյս ներշնչեց ինծի նոր սերունդին նկատմամբ. թէ Ամերիկայի յայտնի համալսարաններէն (Tafts եւ Columbia) շրջանաւարտ Թալինին մակարդակով անձ մը, որուն ընտանիքը անջնջելի դրոշմ մը ձգած է համայնքայնին մեր կեանքէն ներս, ընտրած է իր ժամանակը եւ տաղանդը յատկացնել հայ մշակութային կեանքին ուռճացման` ամենէն բեղմնաւոր կերպով: Կը կրկնեմ դարձեալ. աննախընթաց երեւոյթ էր տեսնել թատերասրահին վեց հարիւր աթոռները գրաւուած եւ շատեր յուսախաբ` հեռացած էին սրահէն տոմսերու չգոյութեան պատճառաւ:
Թալինը կատարած է գիտակից ճիգ մը հայ հասարակութիւնը զուարճացնելու եւ դաստիարակելու ոչ թէ հայկական մակարդակով` այլ ամերիկեան թատերական արուեստի մակարդակով: Իր ճիգերը փառաւոր կերպով արդիւնաւորուեցան:
Երբ վարագոյրը բացուեցաւ, խօսակցութեան առաջին նախադասութեամբ իսկ Թալինը, դերասաններն ու օժանդակող կամաւորները կախարդեցին հանդիսականները եւ մեզ առաջնորդեցին երկու ժամուան անընդհատ խնդուքի ուղեւորութեան: Տիպարները լաւապէս մշակուած են եւ պատմութեան նիւթը մեզ կը պարգեւէ լաւատեսութիւն հայկական սփիւռքի Մայր Հայրենիքի եւ մեր ժողովուրդին նկատմամբ: Այս հաստատումները ես կը կատարեմ իբրեւ թատրոնի բանիմաց հետեւող անձ մը, ներկայ գտնուած ըլլալով Broadway-ի վրայ ներկայացուած բազմաթիւ թատերական գործերու, երբ մեր դուստրը` Ալին, Նիւ Եորք կը բնակէր եւ շաբաթավերջերուն զինք կ՛այցելէինք: Ուրբաթ եւ Շաբաթ գիշերները, առաւել Կիրակի յետմիջօրէին միասնաբար ներկայ կը գտնուէինք Broadwayի show-ին, ապա կը վերադառնայինք Պոսթըն:
Թալինին «Փեսադ Ո՞ւր է» կատակերգութեան մէջ Broadway-ի արհեստագիտական յատկանիշներէն շատերը ես վկայակոչեցի: Սակայն Broadway-ի ելոյթներուն բեմադրութիւնները կ՛իրագործուին հարիւրաւոր անձերու գործակցութեամբ, մինչ Թալինին պարագային ան առանձին կը բեմադրէ, կը ղեկավարէ, կը գրէ` քսան անձերու օժանդակութեամբ:
Իր ծնունդէն ի վեր Թալինը շաղախուած է հայութեամբ: Ո՞վ չի ճանչնար դաստիարակ իր մեծ հայրը` Երուանդ Պապայեան: Ծնած եւ մեծցած Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ափին վրայ, Թալինը անթերի կը խօսի մեր լեզուն (յաճախ նկատած եմ զինք երբ հայերէն լեզուով նօթեր կ՛արձանագրէ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանի ձեռնարկներուն), քաջածանօթ է մեր պատմութեան ծալքերուն, մեր մշակոյթին, տարբեր գաղութներու կեանքին եւ իր մատը ամուր կը պահէ հայկական գործունէութիւններու բազկերակին վրայ:
Ան կը գնահատէ հայ լեզուն, կ՛արժեւորէ իրմէ առաջ եկածները, կը ճանչնայ կարեւորութիւնը Արտասահմանին եւ Հայրենիքին եւ այս բոլորը կ՛ընդելուզէ իրարու իր թատերախաղին մէջ, որուն հանդիսականներէն ոմանք չեն գործածեր մեր լեզուն, սակայն այնքան հայրենասէր են` որքան մենք բոլորս:
Թալինինի հետեւողական աշխատանքը անմրցելի կը մնայ, ինչպէս իր գրելու սէրը` արտադրելու իմաստալի գործեր մեր հայրենիքին համար «Փեսադ Ո՞ւր է» զաւեշտէն մինչեւ Արցախի մասին իր նկարահանած վաւերական ֆիլմը: Յուսանք մօտիկ ապագային հանրութիւնը առիթ պիտի ունենայ տեսնելու զայն: Կը մտածեմ, եթէ ոեւէ մէկը այս բոլորին քառորդը կարենայ իրագործել առանձին, կամ գրողներու խումբով, իր որդեգրած գաղութին մէջ: Ան կը կատարէ գործը հայկական կազմակերպութեանց` որոնց առաքելութիւնը ըլլալու է նման գործերու իրականացումը: Ան, աւելին` ստեղծած է ժամանակակից հայկական խումբ մը, ողջունելով անոնց անդամներուն ինքնուրոյնութիւնը եւ այս փորձառութիւնը դրական արձագանգ մը թողած է իրենց վրայ: Մենք հիացումով դիտեցինք այս ոչ-արհեստավարժ դերասանները, որոնք իրենց դերերը կատարեցին արհեստավարժ դերասաններու նման:
Մենք բոլորս ծնունդ առած ենք անձէ մը, որոշ ժամանակի մը մէջ եւ որոշ տեղ մը: Ծնողներս փրկուեցան ցեղասպանութենէն, յաղթահարելով բազմաթիւ դժուարութիւններ` կազմելու համար հայ ընտանիք` որպէս ուժգին պատասխան մեր ժողովուրդին բնաջնջումի փորձին: Թալինն ալ ցեղասպանութենէն վերապրածներու տոհմին շառաւիղն է եւ վառ կը պահէ իր ընտանիքին հանրային ծառայութեան ժառանգութիւնը յօգուտ հայ սփիւռքին:
Պրաւօ Թալին. կը սիրենք քեզ եւ հպարտ ենք քեզմով: