Ուրբաթ, 13. 06. 2025

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Միքայէլ Արամեանց

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Միքայէլ Արամեանց (1843 թ. Մայիս 4, Լեռնային Ղարաբաղ, գիւղ Քեաթուկ – 1924 թ., Թիֆլիս), 19-րդ դարու երկրորդ կէսէն  20-րդ դարու սկիզբ քարիւղի արդիւնաբերող, բարերար, Թիֆլիսի «Ազգային բարեգործական ընկերութեան» հիմնադիր։ Ալեքսանդր Մանթաշեանի մտերիմ ընկեր ու գործընկեր։ Մանթաշեանի հետ Պաքուի մէջ կը զբաղէր քարիւղի արդիւնաբերութեամբ եւ առաջիններէն էր, որ իր ունեցուածքի մեծ մասը տեղափոխեց Պաքու՝ քարիւղը երկաթուղիով, քարիւղատարներով տեղափոխելու համար։

Եղած է Ներսիսեան դպրոցի մշտական հոգաբարձուն ու հովանաւորը։ Աջակցած է Թիֆլիսի նշանաւոր «Արամեանցի հիւանդանոցի» կառուցման՝ նուիրաբերելով հարիւր հազար ռուբլի։ Արամեանցի անուան հետ կապուած է նաեւ Թիֆլիսի «Մարիոթ» հիւրանոցը, զոր ան կառուցած է իր սիրելի նաւի՝ «Մաժեստիկի» նմանութեամբ։

Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն ապաստաններ կառուցած է հայ գաղթականներուն համար։

Խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք, Արամեանցը կորսնցուցած է գրեթէ ողջ կարողութիւնը։ Զրկուելով հարստութենէն ու դիրքէն՝ 1924 թ. մահացած է սովի ու աղքատութեան մէջ։

Արամեանց թաղուած է հայկական ԽոջիՎանքի գերեզմանատան մէջ։ Ստալինեան ժամանակաշրջանին գերեզմանատունը քանդուած է, իսկ 1990-ական թթ. գերեզմանատան տեղը կառուցուած է վրացական Սամեպա տաճարը։ Կատարուած հողային աշխատանքներուն հետեւանքով հարիւրաւոր աճիւններ, նաեւ Արամեանցինը, ոչնչացուած են։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին