Կիրակի, 16. 02. 2025

spot_img

Սահմանագծի Տարբեր Հատուածներու Վրայ Հակառակորդի Գործողութիւններու Աճ կը Նկատուի. ԱՀ ՊՆ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Վերջին շրջանին Արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագծի տարբեր հատուածներու վրայ կը նկատուի հակառակորդի գործողութիւններու աճ, որոնք կը դրսեւորուին ե՛ւ ճարտարա-ամրաշինական մեծածաւալ աշխատանքներու, այնպէս ալ հրադադարի պահպանման խախտումներու տեսքով: Այս մասին կը յայտնէ Արցախի Հանրապետութեան ՊՆ մամուլի ծառայութիւնը:

Յատկանշական է, որ ատրպէյճանական կողմը պարբերաբար կրակային խոցման թիրախ կ՝ընտրէ ո՛չ միայն ՊԲ առաջնային դիրքերը, այլեւ մարտական հերթապահութիւն իրականացնող հայկական անձնակազմի թիկունքային ապահովման շարժական կէտերը: Մասնաւորապէս՝ ատրպէյճանական զինուժը բոլորովին վերջերս «ՍՎԴ»տիպի դիպուկահար հրացաններով կրակ բացած է ՊԲ արեւելեան (Ակնա) հատուածին վրայ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն հացի ինքնաշարժին ուղղութեամբ՝ վնասելով թափքը, իսկ միայն Մայիս 2 լոյս 3-ին, բանակի հիւսիս-արեւելեան (Մատաղիսի) հատուածին վրայ գտնուող մարտական դիրքերուն ուղղութեամբ խոշոր տրամաչափի դիպուկահար զինատեսակներէ, գնդացիրներէ ու ինքնաձիգերէ արձակած է շուրջ 330 կրակոց:

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող երկիրներու ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ վերոնշեալ փաստին վրայ՝ միաժամանակ կոչ ընելով ատրպէյճանական կողմին ձեռնպահ մնալու իրադրութիւնը արհեստականօրէն սրելու անհեռանկար մարտավարութենէն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին