Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

Կարեւոր է Համադրել Եկեղեցի-Պետութիւն Յարաբերութիւններու Մեր Պատկերացումները Հայաստանի Մէջ Գոյութիւն Ունեցող Նոր Իրավիճակի Մէջ. Փաշինեան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Կառավարութենէն ներս վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ յարաբերութիւններուն առնչուող հարցերով աշխատանքային խումբի առաջին հանդիպումը: 

Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին յայտնած են ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, իր խօսքին մէջ, վարչապետ Փաշինեան մասնաւորապէս, նշած է. 

«Վեհափա’ռ տէր,

Հոգեւո’ր հայրեր,

Կառավարութեան յարգելի ներկայացուցիչներ,

Ուրախ եմ մեր այսօրուայ հանդիպման համար եւ շատ կարեւոր կը համարեմ անիկա: Վեհափառ Հայրապետի հետ քննարկումներու արդիւնքով մենք եկանք այն եզրակացութեան, որ անհրաժեշտ է ստեղծել աշխատանքային խումբ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ յարաբերութիւններուն առնչուող հարցերով զբաղելու համար, որպէսզի ունենանք մշտական գործող աշխատանքային ձեւաչափ, որպէսզի գոյացող հարցերը քննարկուին եւ լուծումներ ստանան: Ի դէպ, այդ լուծումները ցանկալի է, որ ըլլան ոչ թէ հատուածական եւ այսրոպէական, այլ ընդհանրապէս հիմնարար, օրինական եւ երկարաժամկէտ: Այս առումով, կը կարծեմ, որ չափազանց կարեւոր է, որ այս քննարկումներուն ընթացքին համադրենք եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններուն մեր պատկերացումները այս նոր իրավիճակին մէջ, որ այսօր գոյութիւն ունի Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ: Բնականաբար, կարիք չկայ ըսելու, թէ մեզի համար ինչպիսի մեծ կարեւորութիւն եւ դերակատարում ունի Հայ Առաքելական Սուրբ եկեղեցին: Ես կ’ուզեմ ըսել, որ այսօր Հայաստանի մէջ իշխող քաղաքական ուժի՝ «Իմ քայլը» դաշինքի նախընտրական ծրագրի առանցքային դրոյթներէն մէկը մեր ազգային ինքնութեան պահպանման խնդիրներն են, եւ սա եղած է մեր քաղաքական ուժի հիմնադիր ծրագրին մէջ դեռ 2013 թուականէն: Բնականաբար, ասիկա կարեւորագոյն առաջնահերթութիւն է մեզի համար, եւ այս առումով Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դերը առանձնայատուկ է եւ միշտ եղած է առանձնայատուկ: Բայց նաեւ կայ խնդիր՝ հասկնալու, թէ ինչքանով են մեր պատկերացումները նոյնական ինքնութեան պահպանման առումով, եւ այս խնդրին շուրջ ինչ հարցեր կան, զորս պէտք է քննարկենք»:

Վարչապետը աշխատանքային խումբի գործունէութիւնը արդիւնաւէտ դարձնելու համար կարեւորած է հարցերու խորութեամբ քննարկումը՝ զանոնք իրենց ամբողջութեան մէջ հասկնալու համար: «Անհրաժեշտ է գալ համատեղ որոշումներու՝ որպէս ելակէտ ընդունելով մեր ազգային եւ պետական շահերը, այն խնդիրները, զորս մենք այսօր առաջադրած ենք: Պէտք է փորձել իւրաքանչիւր իրավիճակ այսօրուայ մէջ հասկնալ եւ լսել բոլոր փաստարկները, որոշումներու կայացումը ձգել փաստարկներուն, այսինքն՝ կամայական որոշումներու դաշտէն մենք պէտք է ելլենք եւ յստակ փաստարկուած, հիմնաւորուած որոշումներ կայացնենք: Մասնաւորապէս, ինչ կը վերաբերի, օրինակ, կրթութեան. այս ոլորտէն ներս մեր օրակարգի հարցը, որ Մայր Աթոռը առաջարկած էր, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ պատմութեան հետ կապուած հարցն է: Այստեղ առաջին հարցը, որ կը ծագի, հետեւեալն է. արդեօք մենք կը տարբերակե՞նք Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ պատմութիւնը հայ ժողովուրդի պատմութենէն, եւ եթէ կը տարբերակենք, ինչո՞ւ կը տարբերակենք, եւ եթէ կը տարբերակենք, ինչպէ՞ս կը տարբերակենք, եւ այդպէս շարունակ:

Յաջորդ խնդիրներու խումբը կը վերաբերի հարկային յարաբերութիւններուն: Օրինակ, խնդիր կայ անշարժ գոյքի, գոյքահարկի հետ կապուած, եւ մենք պէտք է հասկնանք, թէ այստեղ ինչ մօտեցում ունինք: Արդեօք Հայ Առաքելական Եկեղեցիին պատկանող գոյքը այս առումով միասե՞ռ է, միատա՞րր է, թէ՞ այնտեղ կան տարբեր հատուածներ, եւ արդեօք այդ հատուածներու վերաբերեալ պէտք է տարբերակուա՞ծ, թէ՞ ընդհանուր մօտեցում ցուցաբերենք: Վեհափառ Հայրապետի հետ խօսակցութիւններուն ժամանակ ալ ես մի քանի անգամ առիթ ունեցած եմ այդ հարցին անդրադառնալու: Մանաւանդ, երբ այսօր ընդլայնուած քարոզարշաւ կը տանինք՝ քաղաքացիներուն կոչ ընելով հարկեր վճարել, որովհետեւ այդ վճարուած հարկերու արդիւնքով կը ձեւաւորուի եւ կը ձեւակերպուի այն աշխատանքի ծաւալը, զոր կառավարութիւնը հնարաւորութիւն ունի ընելու: Մենք այստեղ պէտք է յստակ ըսենք, որ ունինք նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ աջակցութեան կարիքը, որպէսզի պետական այս ընկալումը աւելի ու աւելի խոր արմատաւորուի մեր իրականութեան մէջ:

Եւ, փառք Աստուծոյ, այսօր մեր այդ կոչը որոշակի արձագանգ կը ստանայ: Ես ըսած եմ, որ այս տարի պետական պիւտճէի եկամտային մասը առնուազն 40 միլիառ դրամով պիտի գերակատարենք, ինչը հնարաւորութիւն պիտի տայ բարձրացնելու զինուորականներուն, ուսուցիչներուն աշխատավարձը եւ լրջագոյն մեծ ծախսեր իրականացնելու տարբեր ոլորտներէն ներս: Եւ ես կը կարծեմ, որ այս տրամաբանութիւնը պէտք է շարունակենք: Բնականաբար, սկիզբի համար 40 միլիառը շատ լաւ թիւ է, սովորական վարչաձեւէն դուրս, բայց այդ 40 միլիառը, բնականաբար, այն թիւը չէ, որ մեզ պիտի գոհացնէ: Մենք այս ուղղութեամբ պէտք է շատ լուրջ քայլեր ձեռնարկենք: Եւ այս առումով նոյնպէս մենք պէտք է այդ հարցերը քննարկենք:

Արձանագրելով, որ կը պայմանաւորուինք անկաշկանդ բոլոր հարցերը քննարկել փաստարկներու դաշտէն ներս՝ դարձեալ կ’ուզեմ ընդգծել, որ ինծի համար կարեւոր է ոչ միայն Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դերակատարումը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ընդհանրապէս հայութեան շրջանակէն ներս, այլեւ ինծի համար շատ կարեւոր է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ քրիստոնէական արժէքներու արմատաւորումը: Եւ ես կը համարձակիմ ըսելու, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ոչ բռնի, թաւշեայ, ժողովրդական յեղափոխութիւնը մեծ մասով հիմնուած էր նոյն քրիստոնէական արժէքներուն վրայ: Եւ ես ինծի համար՝ որպէս մարդ, որպէս քաղաքական գործիչ, իմ կեանքիս մէջ շրջադարձային կը համարեմ այն կէտը, երբ ես առիթ ունեցայ ընթերցելու եւ վերընթերցելու Նոր Կտակարանը: Կը կարծեմ, որ այն վարդապետութիւնը, որ այդտեղ դրուած է, իսկապէս, բոլոր առումներով, ներառեալ՝ պետական առումով յեղափոխական է, եւ անիկա այն բանաձեւն է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, անոր քաղաքացիները եւ ընդհանրապէս մարդկութիւնը կրնայ հասցնել երջանկութեան:

Ես ասիկա կ’ըսեմ՝ արձանագրելու համար իմ վերաբերումս եկեղեցւոյ, իմ վերաբերումս քրիստոնէութեան, իմ վերաբերումս քրիստոնէական արժէքներուն: Եւ ես համոզուած եմ, որ այդ քրիստոնէական արժէքները կրնան ծառայել եւ պիտի ծառայեն Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայ ժողովուրդի հզօրացման:

Վեհափառ Տէր, կրկին կը ցանկամ նշել, որ ուրախ եմ այսօրուայ հանդիպման համար: Չեմ գիտեր՝ նախապէս այսպիսի ձեւաչափ գոյութիւն ունեցա՞ծ է, թէ՞ ոչ, բայց համոզուած եմ, որ ասիկա կարեւոր հանգրուան է մեզի համար, որովհետեւ իսկապէս հարցերուն պէտք է կառուցուածքային, կառուցակարգային լուծումներ տրուին, որպէսզի իւրաքանչիւր հարց ունենայ իր յստակ պատասխանը, իւրաքանչիւր որոշում ունենայ իր յստակ բացատրութիւնը՝ առանց մութ անկիւններու: Այնպէս որ ես աշխատանքային խումբին յաջողութիւն կը մաղթեմ: Բնականաբար, աշխատանքային խումբի արդիւնքները, բարձրացուած հարցերը մենք ժամանակ առ ժամանակ կը քննարկենք նաեւ մեր պարբերական հանդիպումներուն ընթացքին, բայց յոյս ունիմ, որ նաեւ աշխատանքային խումբի գործունէութեան արդիւնքով մենք աւելի շատ լուծումներու մասին կը լսենք, քան թէ նոր յառաջացած խնդիրներու: 
Շնորհակալ եմ»:

Իր հերթին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նշած է.«Կ’ողջունեմ եւ մեր օրհնութիւնը կը բերենք ձեզ: Մեր ուրախութիւնը կը յայտնենք Եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններու արդիւնաւորման նպատակով աշխատանքային խումբի առաջին նիստի գումարման առիթով:

Հայրենի պետութեան եւ մեր Եկեղեցւոյ յարաբերութիւններու կանոնակարգման այս նոր ձեւաչափը բարեպատեհ հնարաւորութիւն է՝ քննարկելու փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերը եւ փնտռելու անոնց լուծման ուղիներ՝ ի խնդիր մեր Եկեղեցւոյ առաքելութեան արդիւնաւորման՝ յանուն մեր երկրի եւ ժողովուրդի»:

Վեհափառը իր խօսքին մէջ անդրադարձած է եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններուն, կարեւորած է համագործակցութիւնը՝ թելադրուած ազգային մեր շահերով ու գերակայութիւններով, ազգային ինքնութիւնը, ոգին, նկարագիրը պահպանելու հրամայականով:

«Աշխատանքային այս խումբի գործունէութեան հետ կապուած են դրական սպասումներ թէ՛ հոգեւորականութեան, թէ՛ հաւատաւոր մեր ժողովուրդի շրջանակէն ներս: Վստահ ենք, որ եկեղեցի-պետութիւն գործակցութեան ընդլայնումը պիտի նպաստէ մեր ժողովուրդի ազգային եւ հոգեւոր կեանքի զօրացման, գիտակից ու օրինապահ քաղաքացիի ձեւաւորման, ընտանիքներու ամրութեան, եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ պետութեան հզօրութեան:

Մեր աղօթքն է, որ Տէրը խաղաղ երկնքի ներքոյ բարօրութիւն ու բարգաւաճում պարգեւէ հայրենի մեր երկրին եւ արդիւնաւորէ մեր ժողովուրդի եւ հայրենի իշխանութիւններու բոլոր ջանքերը՝ յանուն մեր հայրենիքի, մեր ազգային կեանքի յառաջընթացի եւ շէն ու պայծառ գալիքի»,- նշած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին