«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Մայիս 1 (Աշխատանքի տօն, Աշխատանքի օր, Գարնան եւ աշխատանքի տօն, Աշխատաւորներու համերաշխութեան միջազգային օր), աշխարհի բազմաթիւ երկրներու եւ տարածքներու մէջ կը նշուի Մայիս 1-ին կամ Մայիսի առաջին Երկուշաբթի օրը:
Ռուսիոյ եւ Տաճիկստանի մէջ Մայիս 1-ը կը նշուի որպէս Գարնան եւ աշխատանքի տօն, իսկ Հայաստանի մէջ՝ Աշխատաւորներու միջազգային օր: Ղազախստանի մէջ այդ օրը կը նշուի որպէս Ղազախստանի ժողովուրդի միասնութեան օր, իսկ Ուքրանիոյ, Պելառուսի, Ղրղզստանի, Չինաստանի, Փաքիստանի, Սրի Լանքայի մէջ կը տօնուի որպէս Աշխատանքի օր:
ԱՄՆ-ի մէջ նոյնանուն տօնը՝ Աշխատանքի օրը (անգլ.՝ Labor Day), կը նշուի Սեպտեմբերի առաջին Երկուշաբթի օրը, իսկ Ճափոնի մէջ «Աշխատանքի գոհաբանութեան օրը» կը տօնուի Նոյեմբեր 23-ին: ԱՄՆ-ի մէջ Աշխատանքի օրը առաջին անգամ նշուած է Նիւ Եորքի մէջ 1882 թուականի Սեպտեմբեր 5-ին, իսկ Սեպտեմբերի առաջին Երկուշաբթին իբրեւ տօնակատարութեան օր նշուած է 2 տարի անց: Աշխատանքին եւ աշխատաւորներուն նուիրուած օրեր կան աշխարհի 142 երկրներու մէջ, բայց ինչպէս նշուած է կը նշուին տարբեր օրերու։