Երեքշաբթի, 29. 07. 2025

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Աշխատանքի տօն

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Մայիս 1 (Աշխատանքի տօն, Աշխատանքի օր, Գարնան եւ աշխատանքի տօն, Աշխատաւորներու համերաշխութեան միջազգային օր), աշխարհի բազմաթիւ երկրներու եւ տարածքներու մէջ կը նշուի Մայիս 1-ին կամ Մայիսի առաջին Երկուշաբթի օրը:

Ռուսիոյ եւ Տաճիկստանի մէջ Մայիս 1-ը կը նշուի որպէս Գարնան եւ աշխատանքի տօն, իսկ Հայաստանի մէջ՝ Աշխատաւորներու միջազգային օր: Ղազախստանի մէջ այդ օրը կը նշուի որպէս Ղազախստանի ժողովուրդի միասնութեան օր, իսկ Ուքրանիոյ, Պելառուսի, Ղրղզստանի, Չինաստանի, Փաքիստանի, Սրի Լանքայի մէջ կը տօնուի որպէս Աշխատանքի օր:

ԱՄՆ-ի մէջ նոյնանուն տօնը՝ Աշխատանքի օրը (անգլ.՝ Labor Day), կը նշուի Սեպտեմբերի առաջին Երկուշաբթի օրը, իսկ Ճափոնի մէջ «Աշխատանքի գոհաբանութեան օրը» կը տօնուի Նոյեմբեր 23-ին: ԱՄՆ-ի մէջ Աշխատանքի օրը առաջին անգամ նշուած է Նիւ Եորքի մէջ 1882 թուականի Սեպտեմբեր 5-ին, իսկ Սեպտեմբերի առաջին Երկուշաբթին իբրեւ տօնակատարութեան օր նշուած է 2 տարի անց: Աշխատանքին եւ աշխատաւորներուն նուիրուած օրեր կան աշխարհի 142 երկրներու մէջ, բայց ինչպէս նշուած է կը նշուին տարբեր օրերու։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին