Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Ցուցահանդէս. Վարուժան՝ Լիբանանի Փառքի Տարիներու Լուսանկարիչը (լուսանկարներ)

ՎԻԳԷՆ ՀԱՊԷՇԵԱՆ

Հինգշաբաթի 11 Ապրիլ 2019-ին տեղի ունեցաւ լուսանկարիչ Վարուժանի ցուցահանդէսին բացումը՝ Սէն Ժոզէֆ համալսարանի Արեւելեան գրադարանի նորակառոյց ցուցասրահին մէջ, կազմակերպութեամբ՝ Սէն Ժոզէֆ համալսարանի Արեւելեան գրադարանի եւ լուսանկարներու արխիւատան, հովանաւորութեամբ` Տիար Վարուժ Ներկիզեանի, ընդհանուր տնօրէն «Էմիրէյթս լիբանան» դրամատան, ներկայութեամբ դասախօսներու, մտաւորականներու եւ արուեստասէր ժողովուրդի։

1945-էն 1975 Լիբանան ապրեցաւ բարգաւաճ երկար շրջան մը, որ խորապէս ընկերութիւնը դրոշմեց ամէն մարզերուն մէջ, մասնաւորապէս արուեստներու՝ ինչպէս թատրոն, երաժշտութիւն, նկարչութիւն, քանդակագործութիւն, եւայլն, որոնք ունեցան բացառիկ ծաղկում։ Այդ շրջանը կոչուեցաւ «երեսուն փառքի տարիները» եւ Պէյրութ վերածուեցաւ Միջին Արեւելքի մշակոյթի կարեւորագոյն մայրաքաղաքը։

Այս ընդհանուր մթնոլորտի մէջ «Արեւելքի Զուիցեիա» անունը աւելի ուժեղօրէն տրուեցաւ Լիբանանին, բոլոր տեսակի լրատուամիջոցները նպաստեցին տարածելու Լիբանանի այս գեղեցիկ պատկերը, որոնցմէ մասնաւորապէս լուսանկարչութիւնը կարեւոր դեր խաղաց։ Վարուժան Սէդեան եւ ուրիշ յայտնի լուսակարիչներ գովաբանեցին Լիբանանը՝ «կաթի եւ մեղրի երկիրը», իրենց բացիկներու եւ լուսանկարչական պաստառներու գործերով։

Վարուժան շատ արտադրող ըլլալով, անոր գործերը կը հասնին 11.000 քլիշէներու, 1975-ին, Լիբանանի պատերազմի ընթացքին, իր wiegand թաղի աշխատանոցը կը կողոպտուի, բարեբախտաբար իր գործերը շատ վնաս չեն կրեր եւ 1980-ին կը փոխադրուի Զալքա։

Ցուցահանդէսներու մէջ տեղ գտած Վարուժանի գործերը կարելի է բաժնել երկու գլխաւոր մասերու՝ առաջինը Լիբանանը, իսկ երկրորդը Հայաստանն ու լիբանանահայութիւնը։

Անոր թեմաները եղած են բնանկարներ եւ դիմանկարներ,գործերէն հազարները կը ներկայացնեն լիբանանեան տեսարաններ, մասնաւորապէս մայրենիներու անտառը, հնախուզութեան ու զբօսաշրջութեան վայրեր, ան  լուսանկարած է  նաեւ զանազան տեսակի ծաղիկներ Պէքաայի դաշտեր, ցորենը՝ դաշտէն մինչեւ հացի վերածուելու գործընթացը՝ ներշնչուելով Դանիէլ Վարուժանի «Հացին երգը» բանաստեղծութիւններէն։

Անոր կը պարտինք նաեւ նկարները՝ Ապրիլ 24-ի յիշատակութեան 50 ամեակին նուիրուած (1965) հսկայական հաւաքոյթին, որ տեղի ունեցաւ Մարզական Աւանին մէջ (Պէյրութ)։

Գալով դիմանկարներուն, նորընտիր նախագահ Գամիլ Շամունի իր լուսանկարած նկարը մեծ յաջողութիւն գտաւ, ան նկարած է նաեւ ուրիշ քաղաքական գործիչներ, ինչպէս՝ Ունսի էլ Հաժ, Սաիտ Ագըլ, Նատիա Դուէյնի եւ այլն։ 1962-ին Ռահպանի եղբայրները զինք կը նշանակեն իրենց խումբի պաշտօնական նկարիչը։ Վարուժան իր լուսանկարներով անմահացուցած է  Ֆէյրուզը, զոր նկարած է Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած համերգներու ընթացքին։

Վարուժան այն հազուագիւտ լուսանկարիչներէն է, որ կազմակերպած է ցուցահանդէսներ։ Լիբանանին նուիրուած անոր առաջին ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ 1966-ին Ֆինիսիա պանդոկինն մէջ, անիկա մեծ յաջողութիւն գտաւ՝ լուսանկարչութիւնը  ճանչցուեցաւ իբրեւ արուեեստ։ Երկրորդ ցուցահանդէսը Սովետական Հայաստանի շրջապտոյտէ մը ետք, 1979-ին, Հայաստանի մէջ ցուցահանդէս մը կազմակերպուեցաւ Ազգային երաժշտանոցի ցուցասրահէն ներս, այդ ցուցահանդէսը նոյնպէս մեծ գնահատանքի արժանացաւ տարբեր շրջանակներու կողմէ։

Ինչպէս Լիբանանի մէջ, այնպէս ալ դէպի Հայաստան կատարած իր երեք ճամբորդութիւններուն ընթացքին Վարուժան լուսանկարած է դիմանկարներ՝ արուեստի  եւ գրականութեան մեծ դէմքեր,  ինչպէս Մարտիրոս Սարեան, Պարոյր Սեւակ, Սիլվա Կապուտիկեան, Յովհաննէս Շիրազ եւ ուրիշներ, այս հայկական հաւաքածուն արժանի է առանձին հատորի։

Փրոֆեսոր Լեւոն ներսիսեան Սէն Ժոզէֆ համալսարանի մէջ տեղի ունեցած ցուցահանդէսի ընթացքին, իր խօսքին մէջ դրուատեց Վարուժանի գործը, անոր արուեստի բարձր մակարդակը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք մասնակցութիւն ունեցած էին ցուցահանդէսի կազմակերպման եւ գրքոյկի հրատարակութեան գործին՝ մասնաւորապէս Տիար Վարուժ Ներկիզեանին, որ հովանաւորեց այս բոլորը։ Ի վերջոյ Սէն Ժոզէֆ համալսարանի տնօրէն հայր Սալիմ Տաքքաշ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց բոլորին եւ այն բազմութեան, որ ներկայ եղան այս ցուցահանդէսին։

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին