Հինգշաբթի, 12. 06. 2025

spot_img

ԱՐՇԻԼ ԿՈՐՔԻ

ԱՐՇԻԼ ԿՈՐՔԻ

(1904 – 1948)

«Բնապատկեր – Սեղան»

Արշիլ Կորքի, աւազանի անունով՝ Ոստանիկ Ատոյեան (15 Ապրիլ, 1904 – 21 Յուլիս, 1948), ազգութեամբ հայ ամերիկացի գեղանկարիչ։ Կորքի հիմնաւոր եւ առաջնորդող ազդեցութիւն ունեցաւ գեղանկարչութեան մէջ վերացական արտայայտապաշտ ուղղութեան վրայ։ Ան իր կեանքին մեծ մասը ապրեցաւ որպէս Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի։ Ռոթքոյի, Ճեքսըն Փոլօքի եւ Ուիլըմ տէ Քունինկի հետ միասին, Կորքի հռչակուած եւ ընդունուած է որպէս 20-րդ դարու ամերիկացի ամենաազդեցիկ նկարիչ-նկարիչներէն մէկը։ Ըստ բացատրութիւններուն, անոր գործերը կը կրեն ազդեցութիւնը՝ Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին, իր ապրած տառապանքին եւ կրած կորուստներուն։

Կորքին ծնած է 15 Ապրիլին, 1904 թուականին, Խորկոմ գիւղը, Վանայ լիճին ափերը, Օսմանճեան Կայսրութեան մէջ։ Չափահաս օրերուն յստակ չէ յայտարարած ծննդեան թուականը, տարիէ տարի փոխելով. 1908 թուականին, իր հայրը քաղթեց ԱՄՆ, ջարդերէն խուսափելու համար, իր ընտանիքը ձգելով Վան։

1915 թուականին, Արշիլը իր մօր ու երեք քոյրերուն հետ կը փախչի դէպի Ռուսական հսկողութեան տակ գտնուող հող։ Ժամանակ մը ետք, մայրը կը մահանայ Երեւանի մէջ տեղի ունեցող սովի պատճառով, 1919 թուականին։ ԱՄՆ հասնելէն ետք, 1920 թուականին, Արշիլ իր հօր կը միանայ, բայց բնաւ առիթ չեն ունեցած մտերմանալու։

Իր ինքնութիւնը փոխելու ցանկութեամբ կը կրէ «Արշիլ Կորքի» անունն ու մականունը, ինքզինքը վրացական ազնուական համարելով (վրացական Արշիլ անունը առնելով), եւ նոյնիսկ պնդելով՝ թէ ինքը Ռուսական գրագէտ Մաքսիմ Կորքիին հարազատն է։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին